Ծանրաբարձութիւն. Ռուբէն Ալեքսանեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

roupen-alexanianԵւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Թել Աւիւի մէջ (Իսրայէլ), գերծանր կշիռի դասակարգի մրցումներուն մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանը ներկայացնող Ռուբէն Ալեքսանեանն ու Հայկ Յակոբեանը:

Ալեքսանեան ընդամէնը բարձրացնելով 436 քկ (190+246), գրաւեց երկրորդ դիրքը եւ արժանացաւ արծաթէ մետալին, բնականաբար հանդիսանալով փոխախոյեան: Յակոբեան հանդիսացաւ 11-րդ բարձրացնելով 380 քկ (173 + 207):

Ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Ալեքսէյ Լովչեւ, որ բարձրացուց 457 քկ (205+ 252):

Այսպիսով, Հայաստան (Եւրոպայի ախոյեանութեան խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց 8-րդ դիրքը` տիրանալով 2 ոսկի, 4 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալի իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:

 

Share this Article
CATEGORIES