Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 50-54

hmem-riady

ՀՄԸՄ – Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ մրցումէն
(Լուսանկարը Տրամադրեց
Ճինի Աթըր)

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 12 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:

Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Ռիատիի յաղթանակով. ան 54-50 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (8-18, 25-32, 41-43 եւ 50-54): Էմմա Էսքիճեան նշանակեց 14 կէտ, իսկ Նաթալի Սվաճեան` 13 կէտ:

Մրցումին ներկայ եղան ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ, որոնց կ՛ընկերանար ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:

Անոր ներկայ էին նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ հաշուապահ Ճորճ Սապունճեան:

ՀՄԸՄ այս մրցումին կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, մինչ Ռիատի ցարդ կը մնայ անպարտելի:

Օրուան իրաւարարներն էին ֆաուզի Աշքութի, Ատել Խուէյրի եւ Զիատ Թաննուս:

Նշենք, որ վաղը կը սկսին դարձի մրցումները` Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ – Անթիլիաս բացման մրցումով:

Դարձի յայտագիրին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք վաղուան մարզական էջով:

Share this Article
CATEGORIES