Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շարք` 2-1
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Նըժմէի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Շարքը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Տիգրան Վարդան (25-րդ) եւ Քրիսթիան Թիմունեան (65-րդ): Մրցումին աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, մրցակից կազմը նշանակեց իր միակ կոլը:
Նկատի ունենալով, որ Իսլահ Պըրժ Շիմալի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով Շապապ Հումէյն Թահթայի, ապահովեց Բ. դասակարգի իր տոմսը` ապահովելով առաւելագոյն 6 կէտը:
ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, որ իր վերջին մրցումին պիտի մրցի նոյնինքն Թահթայի դէմ, պէտք ունի յաղթանակի` բարձրանալու համար Բ. դասակարգ:
Ինչ կը վերաբերի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, երէկ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սաքաֆի Շըհիմի դէմ` Նըժմէի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

