ՀՄԸՄ-Ի ՄԻՋԱԿ ԺԻՒՆԻՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ` ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ մարզիկներու դաստիարակչական ծրագիրի իրագործման ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 յունիս 2011-ին, ՀՄԸՄ-ի ժիւնիորներու միջակ տարիքի խումբը, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, այցելեց Զմմառու վանքը` ամբողջ օր մը հիւրը ըլլալով  Զմմառու վանքի վանական հայրերուն:

Խումբը Զմմառ հասաւ առաւօտեան ժամը 5:00-ին, ժամը 9:30-ին մարզիկները իրենց մարզիչով եւ պատասխանատուներով, հաւաքուեցան եկեղեցի, ուր հայր Բարսեղ Պաղտասարեան քարոզեց ներկաներուն, ապա անոնց փոխանցեց կրօնական պատգամը:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին մարզիկները շրջեցան Զմմառու վանքը եւ այցելեցին պատմական թանգարան, ուր հայր Նարեկ Լուիսեան բացատրութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր թանկարժէք իրի, գծագրութիւններու եւ թանգարանին մէջ գտնուող հնութիւններուն մասին:

Թանգարան այցելութենէն ետք տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցում մը ժիւնիորներու խումբին եւ վանքի սաներուն միջեւ, ապա ֆութպոլի խումբը եւ պատասխանատուներ վանքին  կէսօրուան ճաշի հիւրը եղան:

Մեծ գոհունակութեամբ մարզիկները մեկնեցան Զմմառու վանքէն` ապագային նման ձեռնարկներ կազմակերպելու խոստումով:

Share this Article
CATEGORIES