«Թարաֆ». Ճենկիզ Աքթար. «Քեսապի Դէպքերը` 1915-ի Շարունակութիւն»

«Էրմենի Հապեր» 

Նուսրա զինեալ խմբաւորման զինեալները 21 մարտին յարձակեցան Թուրքիոյ Հաթա (Ալեքսանտրէթ) նահանգին սահմանակից սուրիական Քեսապ հայաբնակ գիւղաքաղաքին վրայ: Այս իրադարձութեան անդրադարձած թրքական ընդդիմադիր «Թարաֆ» թերթի սիւնակագիր Ճենկիզ Աքթար կը շեշտէ, որ Սուրիա ներթափանցած վերոնշեալ զինուած խմբաւորումը, ըստ խօսակցութիւններուն, թիկունքէն Թուրքիոյ աջակցութիւն կը ստանայ: Պաշտօնական Անգարան արտաքին գործոց նախարարութեան գրաւոր յայտարարութեամբ շտապեց պաշտօնապէս հերքել Թուրքիոյ կողմէ «ճիհատական» գրոհայիններուն աջակցութեան մասին լուրերը:

«Մարտ 23-ին թրքական օդուժը կործանեց Քեսապի օդային տարածքին մէջ Նուսրա գրոհայիններուն դէմ պայքարող սուրիական օդուժի մարտական ինքնաթիռը», կը նշէ Աքթարը եւ կ’աւելցնէ, որ թրքական իշխանութիւնները աղմուկ բարձրացուցին, թէ օդային սահմանի խախտում տեղի ունեցած է, ատոր համար ալ հարուածած են սուրիական ինքնաթիռին:

Դարձեալ հարուած ստացաւ քեսապահայութիւնը, վտանգուեցաւ անոր կեանքն ու գոյքը: Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ ժամանակին Քեսապի մէջ ապաստանած հայերը 1939 թուականին, երբ Թուրքիան բռնակցումի ենթարկեց Քեսապը, արտագաղթելով ձեւով մը փրկուեցան, սակայն իրենց ունեցուածքին մեծ մասը թուրքերուն ձեռքը մնաց:

«Ու հիմա ալ,- կը գրէ թուրք հեղինակը,- Քեսապի հայերը զանգուածաբար լքեցին գիւղաքաղաքը եւ ապաստանեցան Լաթաքիա: Աշխարհասփիւռ հայերը քեսապահայերուն հասած աղէտը եւ կործանուած սուրիական ինքնաթիռը կը դիտեն որպէս 1915 թուականի (Հայոց ցեղասպանութեան – «Ակունք»-ի խմբ.) շարունակութիւն»:

 

Share this Article
CATEGORIES