Ըստ «Ֆրանս 24»-ի. Քեսապի Մէջ Կատարուածը Ցեղային Մաքրագործման Գործընթաց Էր

Ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռքի կայանի կայքին վրայ լրագրող Մարք Տաու Քեսապի դէպքերուն մասին գրած է յօդուած մը, որուն մէջ ան կ՛անդրադառնայ Միջերկրական ծովու եւ Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութեան խումբի ղեկավար, Սուրիոյ քաղաքական հարցերու մասնագէտ Ֆապիս Պալոնշի կարծիքներուն:

Ըստ Պալոնշի, Քեսապի յարձակումները` հայաբնակ այդ շրջանին վրայ կատարուած, ուղղուած են նոյնինքն հայերու դէմ, եւ քաղաքի գրաւումը անկարելի պիտի ըլլար առանց թրքական իշխանութիւններու ռազմական օժանդակութեան եւ «Կանաչ լոյսին»: «Զէնք ու զինամթերք ձեռք ձգելու համար ապստամբները կարիք չունին անցնիլ այդ սահմանով: Սահմանին վրայ գտնուող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քաղաքի գրաւումը կապուած է Քեսապի հայերուն դէմ ցեղային մաքրագործում իրականացնելու ռազմավարութեան հետ», նշած է Պալոնշ:

Share this Article
CATEGORIES