Այշէ Կիւնայսուի Յօդուածը` Քեսապի Իրադարձութեանց Մասին

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

Թուրք յայտնի հրապարակագիր Այշէ Կիւնայսու «Էօզկիւր Կիւնտեմ»-ի մէջ հրատարակած է «Քեսապ 1909» խորագրեալ յօդուած մը, ուր ան յուզիչ տողերով կը պատմէ, թէ այսօր քեսապցի հայերու գլխուն եկածը 1909-էն ի վեր երրորդն է: Ան կ՛ակնարկէ յուլիս 30, 1909 թուակիր «Իվնինկ Նիուզ Սիտնի» թերթէն լուրի մը, որ կը կրէ «Քեսապի մէջ կրակ Եւ սուր» խորագիրը:

Կիւնայսուի համաձայն, քեսապցիներուն դիմագրաւածը նոյն աշխարհագրութեան վրայ ապրող 30 հազար հայերու սպանութեամբ աւարտած սարսափազդու Ատանայի սպանդին մէկ մասնիկն էր:

Ան կը գրէ Քեսապէն հոգեւորական Սթեֆան Վան Թրոպրիչի կողմէ Աւստրալիոյ մէջ անձի մը ուղարկուած նամակի մը մասին, ուր կը նշուի, թէ թուրքերը եւ արաբները «Մարթին»-ի հրացաններով յարձակած են Քեսապի վրայ, մինչ գիւղաքաղաքը պաշտպանելու կոչուած 300 քեսապցիներուն հրացանները երկարաձիգ չեն եղած ու այդ պատճառով ալ անոնք ժողովուրդը հրաւիրած են հեռանալու եւ ապաստանելու Գալատուրան:

«Ուրեմն, ինչ որ պատահեցաւ 1909-ին, կրկնուեցաւ թէ՛ 1915-ին եւ թէ՛ այսօր` 2014 թուականին: Բոլորին մէջն ալ դերակատարները նոյնն են, նո՛յնն են նաեւ զոհերը», կ՛եզրակացնէ Կիւնայսու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES