«Պի.Պի.Սի.»ն Կ՛անդրադառնայ «#Savekessab» Արշաւին

Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» լրատուական ընկերութեան պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձած է Քեսապի պատմութեան ու «#SAVEKESSAB» համացանցային արշաւին, որուն միացած են համաշխարհային հռչակ ունեցող ազգութեամբ հայ աստղեր: Միջազգային հանրութիւնը հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ «Թուիթըր»-ի վրայ աւելի քան 2 միլիոն հետեւորդ ունեցող Քիմ Քարտաշեանը քանի մը անգամ գրած է Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին:

Այս մասին կայանը հարցում մը ուղղած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանին, որ իր կարգին յիշեցուցած է, թէ Քարտաշեան ազգութեամբ հայ է եւ չթաքցնելով իր արմատները` բազմիցս իր մտահոգութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ զոհուող եւ տեղահանուող հայերուն առնչութեամբ:

Այնուհետեւ, բրիտանական կայանին լրագրողը պատմած է Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին` աւելցնելով, թէ երգչուհի Շեր եւս միացած է յայտնի աստղերու գրառումներուն` Քեսապի մասին:

«Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեծաթիւ համայնքներ ունեցող հայեր միացան «#SAVEKESSAB» շարժումին եւ իրենց բողոքը արտայայտեցին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն դէմ: Թէպէտ շատեր ծաղրանքով կը մօտենան Քարտաշեանի գրառումներուն, բայց անոնք իրենց նպատակին կը ծառայեն», նշած է լրագրողը:

Share this Article
CATEGORIES