Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ծուխ, Աւեր Եւ …Մութ Հաշիւներ

Kessab44Քեսապցիին համար անմոռանալի սովորութիւններէն մէկն է «Չեմչը-Կելըն»-ը, երբ խումբ-խումբ երիտասարդներ կը հաւաքուէին տուներու առջեւ` իրենց ձեռքը ունենալով փայտի երկար կտոր մը, որուն վրայ անցուցած կ՛ըլլային լաթ մը եւ ձեւացուցած կ՛ըլլային զայն իբրեւ խրտուիլակ: Անոնք կ՛երգէին քանի մը տողնոց յատուկ երգ մը եւ տանտէրը այդ փայտին վրայ կը թափէր գաւաթ մը ջուր: Այս ձեւով անոնք կը հաւատային, թէ անձրեւ պիտի գայ: Ամէն անգամ որ անձրեւ չէր գար, անոնք այս սովորութիւնը կը կատարէին եւ այսպէս յաջորդ օրն իսկ անձրեւ կու գար:

…Գարնանային առաջին օրերուն իւրայատուկ էր Քեսապը, ուր Տեառնընդառաջն ու Բարեկենդանը ստեղծած էին տաքուկ եւ արտասովոր սովորութիւն մը: Իւրաքանչիւր եկեղեցի այցելող փայտ կը բերէր, որոնք կը դիզուէին մօտակայ բակին մօտ: Մեծ էր խարոյկը, որուն կայծը կը տրուէր ժամերգութենէն ետք: Երիտասարդներ կը հաւաքուէին ու կը ցատկէին այդ կրակին վրայ:

Այդ ծխացած ճիւղէն` խենծուխէն մաս մը առնելով, քեսապցին կը վառէր իր տան ճրագն ու լոյսը: Բարեկենդանն ալ հռչակաւոր էր Քեսապի մէջ: Յատկապէս չարաճճի պատանիներ, լաճ տնաւէրներ կը ծպտուէին ու երեսնին մրոտելով եւ զանազան բոյսերով ու պարապ խխունջներով կազմուած վզնոցներով օժտուած, տարօրինակ մեղեդիներ կը հնչէին, շարունակ վերապրեցնելով իւրայատուկ «local colour» մը:

Արդէն իսկ քանի մը տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ապահովական կացութիւնը, ազդած էր քեսապցիին վրայ, ուր ժամանած էին այլ շրջաններէ հայորդի գաղթականներ: Այսպէս, այս տարուան  Տեառնընդառաջի ու Բարեկենդանի ժամադրութիւնների նոյնը չէին, իսկ քանի մը շաբաթէ ի վեր…բոլորովին տարբեր ու այլանդակ:

Ոչ միայն փայտեր … այլ կառոյցներ կը մխան, իսկ եկեղեցիներ «խաչազուրկ», բացի աղօթատեղիէն, կը ծառայեն ամէն բանի: Այդ համակրելի ծպտուած պատանիներուն փոխարէն` այլ անհամակրելի ծպտուած խուլիկաններ կ՛այցելեն հրոյ ճարակ դարձած բնակարանները, եւ այդ անվնաս վզնոցներու փոխարէն վիզերնին զանազան տեսակի հրացաններ կախած ահ ու սարսափ կը սփռեն: Իսկ անձրեւի փոխարէն` ռումբն է, որ կը տեղայ:

Այդ խուլիկաններուն համար վերոյիշեալ տօնական ծէսերը ո՛չ մէկ իմաստ ունին, ո՛չ ալ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն:

Պատմութիւնը ինքզինքն է, որ կը կրկնէ եւ այդ ալ` միեւնոյն տարածաշրջանէն ներս:

1909-ին եւ 1915-ին ալ միեւնոյնը պատահած էր:

Այդ օրերուն ալ խենծուխը …այդ դարաշրջանի խուլիկաններուն համար նոյնքան անհասկնալի բառ մըն էր, որքան` մշակոյթը, կրթութիւնը, ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆը:

Բան չէ փոխուած:

Ընդհակառա՛կը, աւելի կատարելագործուած ոճով միեւնոյն ստորնութիւնն է, որ կը կրկնուի:

Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ, ծայրայեղականներու կրած վերջին շաբաթներու պարտութիւններու եւ, դեռ աւելի՛ն, Ուքրանիոյ մէջ կատարուած դէպքերուն իբրեւ արդիւնք Խրիմի միացումը Ռուսաստանի` սկսած էին գործի լծել Անգարան, որպէսզի դիմէ Քեսապէն թափանցումի, մանաւանդ որ Էրտողան եւ դաշնակիցները կը գտնուէին ընտրութիւններու սեմին…

Մութ եւ սադրիչ հաշիւները կը կրկնուին:

 

Share this Article
CATEGORIES