«Թեհրան Իրաւունք Ունի Իւրանիոմը Մինչեւ 90 Առ Հարիւրով Հարստացնելու» Ըսաւ Սալեհի

Ալի Աքպար Սալեհի

Ալի Աքպար Սալեհի

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնած է, որ Իսլամական հանրապետութիւնը իրաւունք ունի իւրանիոմը մինչեւ 90 առ հարիւրով հարստացնելու:

«Մենք կը կարծենք, որ մեր երկիրը ունի նոյն իրաւունքները, զորս ունին հիւլէական զէնքը չտարածելու համաձայնագիրին անդամ միւս երկիրները, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ մենք իրաւունք ունինք իւրանիոմը 1-էն մինչեւ 90 առ հարիւրով հարստացնելու», նշած է Սալեհի:

Ըստ Ալի Աքպար Սալեհիի, Իրան համաձայն գտնուած է նուազեցնելու իւրանիոմի հարստացման իր ծրագիրը մինչեւ 5 առ հարիւրի մակարդակի` բացառապէս իբրեւ Ժընեւի համաձայնութեան ծիրին մէջ կամաւոր քայլ:

Share this Article
CATEGORIES