Իրան Կ՛ուզէ Եւրոպային Կազ Մատակարարել, Սակայն Առանց Ռուսիոյ Մրցակից Դառնալու
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Ռեզա Նեմաթզատէ յայտարարած է, որ Իրան մտադիր է աւելի մեծ դեր խաղալ կազի համաշխարհային շուկային մէջ, սակայն չ՛ուզեր Ռուսիոյ մրցակից դառնալ:
«Մենք կ՛ուզենք հետագային աւելի մեծ դեր խաղալ կազի համաշխարհային շուկային մէջ: Իրանը այսօր ունի աշխարհի վրայ բնական կազի մեծագոյն պաշարները: Մենք կ՛աշխատինք կազատարի շինարարութեան լայնածաւալ նախագիծի մը վրայ, որուն միջոցով «կապոյտ վառելիքը» Իրանի հարաւէն պիտի մատակարարուի հիւսիս-արեւմուտք` դէպի Թուրքիոյ սահման: Իսկ այնտեղէն մենք պիտի կարենանք արտածել զայն Արեւմուտքի երկիրներ», ըսած է նախարարը:
Ան յիշեցուցած է, որ Թեհրանը ժամանակին համաձայնագիրներ կնքած է զուիցերիական եւ սպանական ընկերութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ «Շել» ընկերութեան հետ, սակայն համաձայնագիրները կարելի չէ եղած իրագործել` միջազգային պատժամիջոցներուն պատճառով:
«Մենք չենք ուզեր Ռուսիոյ մրցակիցը ըլլալ: Մենք գիտենք, որ եւրոպացիներու կազի պահանջարկը կ՛աւելնայ, եւ կը փափաքինք ստանալ շուկայի մեր բաժինը: Իրան կրնայ Եւրոպայի վստահելի եւ երկարատեւ գործընկերը դառնալ», նշած է Նեմաթզատէ:

