Այսօրուընէ Սկսեալ Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուի Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յուշարձանը Կրող Դրոշմաթուղթը
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ գործակցաբար «Լիպան փոսթ»-ին, այսօր` երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2014-էն սկսեալ շրջանառութեան մէջ կը դրուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանը կրող դրոշմաթուղթը: Երկու հազար լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ յիսուն հազար օրինակներով շուկայ «իջած» այս դրոշմաթուղթը կարելի է գտնել բոլոր նամակատուներուն մօտ:
Նմանապէս, նախարարութիւնը 500 լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ դրոշմաթուղթ շրջանառութեան մէջ պիտի դնէ 29 ապրիլէն սկսեալ` «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանին մէջ երեք հիմնարկներու հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:
CATEGORIES Լիբանանեան

