Պաղեստինեան Պատուիրակութեան Եւ Արաբական Լիկային Հասցէագրուած Նամակներով. «Վերապահ Ենք Լիկայի Որոշումին Նկատմամբ, Որովհետեւ Անիկա Կ՛անտեսէ Պաղեստինցիներու Տունդարձի Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Ժըպրան Պասիլ

Ժըպրան Պասիլ
«Պաղեստինեան դատին նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքը փաստարկումի չի կարօտիր», երէկ յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ` մամլոյ ասուլիս մը տալով եւ ընդգծելով Լիբանանի սահմանադրական իրաւունքներու սրբութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին մասնակից պաղեստինեան պատուիրակութեան ու Արաբական լիկայի քարտուղարութեան յղած անջատ նամակներով, Պասիլ պահանջեց սրբագրել լիկայի որոշումը, որ կ՛անտեսէ պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքը: «Առ այդ` վերապահ գտնուեցանք», շեշտեց ան:
CATEGORIES Լիբանանեան

