Դասադուլներու Եւ Գործադուլներու Սպառնալիքներու Մթնոլորտին Մէջ. Պետական Պաշտօնեաներու Եւ Ուսուցիչներու Աշխատավարձի Յաւելման Օրակարգը Դարձեալ Առանցքային Նիւթ

113697SB10

Նախագահ Սլէյման եւ Վարչապետ Սալամ

Երկար ատենէ ի վեր հետապնդուող եւ վերջերս հրատապ հարցի վերածուած պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարի օրակարգը երէկ դարձեալ իր վրայ կեդրոնացուց պատկան պաշտօնական թէ ժողովրդային շրջանակներու եւ պատասխանատուներու ուշադրութիւնը:

Արդարեւ, այս հարցը խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթ դարձաւ երէկ նախագահ Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի միջեւ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին:

Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց աշխատանքը ընդհատելու բոլոր մարզերուն մէջ` հետեւիլ կարենալու համար նշեալ որոշումի «ճակատագիր»-ին` խորհրդարանին մէջ: Աւելի ուշ սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը որոշեց այսօր ընդհանուր գործադուլի դիմել ու կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նստացոյց կատարել Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր գրասենեակին մէջ քննեց այս հարցը եւ իր այցելուները իրեն վերագրեցին այն յայտարարութիւնը, թէ «որոշումի որդեգրումը վարչական եւ տուրքերու գծով բարեկարգումի նախաքայլն է:

Նախկին նախարար Փանոս Մանճեան յայտնեց, որ որոշումը կարելի է որդեգրել ու կիրարկել, եթէ այս գծով քաղաքական որոշում տրուի: Ան կոչ ուղղեց քողազերծելու փտածութեան ազդակներէն կաշառակերութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բաւարար եկամուտ հայթայթել:

Նմանապէս ընկերային- տնտեսական -աշխատաւորական զանազան կառոյցներ իրենց հետեւորդներով պատրաստակամութիւն յայտնեցին համախմբուելու խորհրդարանին առջեւ` ի հարկին սաստկացնելու համար իրենց բողոքի ելոյթները, եթէ որոշումը անտեսէ իրենց իրաւունքները:

Նշենք, որ որոշումին ակնարկուող լուծման տարազները սուր բանավէճ ստեղծած են աշխատաւորական թէ կրթական ու յարակից` ծնողներու թէ գործատէրերու շրջանակներուն մօտ, որոնք մտահոգ են, որ որոշումը կը գործադրուի ի հեճուկս իրենց շահերուն եւ իրաւունքներուն:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը բարեփոխումի շինիչ առաջարկներ, պիտի ներկայացնէ երեսփոխանական այսօրուան նիստին` միաժամանակ ընդգծելով իր նախանձախնդրութիւնը, պահպանելու իրաւունքներու, կարելիութեանց եւ բարեկարգումներու իրագործման կարելիութիւնը նշեալ որոշումի քննարկման ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES