Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը Չափով Մը Ճնշում Էր Սպիտակ Տան Վրայ Եւ Ուղղակի Ճնշում` Թուրքիոյ Վրայ

Կիրօ Մանոյեան
Tert.am-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ընդունուած բանաձեւը եւ այն մօտեցումները, որոնք Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ արտայայտուած են բանաձեւին մէջ, չափով մը ճնշում էր Սպիտակ տան վրայ, միւս կողմէ` ուղղակի ճնշում Թուրքիոյ վրայ:
«Յանձնախումբը այլեւս բան չունի ընելիք, եւ պէտք է, որ հարցը փոխանցուի ծերակոյտի լիագումար նիստին», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ յատկանշական է, որ առնուազն 25 տարիէ ի վեր ծերակոյտին կողմէ նման որոշում եղած չէ:
CATEGORIES Հայկական

