Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Չ՛ուզեր Ղարաբաղի Եւ Խրիմի Միջեւ Համեմատութիւն Կատարել

Վասիլի Նեպենզիա
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլի Նեպենզիա խորհուրդ տուած է Խրիմի եւ ղարաբաղեան հարցին միջեւ զուգահեռներ չգծել:
Լրատու գործակալութեան հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսած է. «Ես զուգահեռներ պիտի չգծէի Խրիմի, Մերձտնեսթրի եւ Ղարաբաղի իրավիճակներուն միջեւ: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով կը զբաղի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, այնտեղ կան համանախագահներ` յանձին Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու, որոնք կը ձգտին նպաստել հայերու եւ ազրպէյճանցիներու ուղղակի երկխօսութեան»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յիշեցուցած է, որ վերջերս տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, իսկ երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումը տեղի ունեցած է մօտիկ անցեալին:
«Գոյութիւն ունի նաեւ մերձտնեսթրեան կարգաւորման «5+2» ձեւաչափը, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին», ըսած է ան:

