Կովսականի Մէջ Բնակարաններու Յանձնում` Սուրիահայ Ընտանիքներուն

1404ognir-11 ապրիլ 2014-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ բազմաբնակարան շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Բազմաբնակարան շէնքին մէջ բնակարաններ ստացան նաեւ տասը սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք այս տարիներուն ընթացքին տեղափոխուած եւ վերաբնակեցուած են Կովսականի մէջ:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը նոյնպէս իր ներդրումը ունեցաւ բազմաբնակարան շէնքի կառուցման գործին մէջ` այդպէսով նպաստելով Ազատ եւ Անկախ Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան եւ զարգացման:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը, ներկայ գտնուելով բնակարանամուտի արարողութեան, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Կովսականի մէջ վերաբնակեցուած սուրիահայ ընտանիքներու հետ` ծանօթանալով անոնց խնդիրներուն: Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քաշաթաղի շրջանի աշխատակազմին, «Քաշաթաղ» հիմնադրամին հետ եւ ձեռք բերաւ շարք մը համաձայնութիւններ` հետագայ ծրագիրներու իրագործման ուղղութեամբ:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը կը շնորհաւորէ Արցախի մէջ իրենց տունը կառուցած սուրիահայ ընտանիքները եւ կը մաղթէ բարեբեր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք հետագայ գործունէութեան մէջ:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը աջակցելու հայրենիք տեղափոխուած սուրրիահայութեան եւ անգամ մը եւս կը յայտարարէ, որ տուեալ ծրագիրի ծիրին մէջ կատարուող աշխատանքները շարունակական են եւ սուրիահայութիւնը տակաւին  կրնայ ցանկագրուիլ Կովսականի մէջ վերաբնակեցուելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES