Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Իշխող Կուսակցութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ Քննարկած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Հարցը

Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ

Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ Էրտողանի գլխաւորած իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ քննարկած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւի որդեգրման հարցը:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան քաղաքական գործերով պատասխանատուի տեղակալ Մեհմեթ Ալի Շահինի հետ: Ռիքարտոնէ շնորհաւորած է Էրտողանի կուսակցութիւնը` տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մէջ տարած յաղթանակին առիթով: Հաղորդուած է, որ քննարկուող հարցերուն ծիրին մէջ եղած են նաեւ Թուրքիոյ ներքաղաքական շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ռիքարտոնէ ըսած է. «Մենք համակարծիք ենք այն հարցին մէջ, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին եւ անկախ են ամէնօրեայ քաղաքականութենէն»:

 

Share this Article
CATEGORIES