Հայաստանի Կառավարութեան Կազմին Մէջ Հաւանական Փոփոխութիւնները Տակաւին Յստակ Չեն
Նոր նշանակուած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան առայժմ չի յստակացներ, թէ ինչպիսի՛ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան նոր կառավարութեան կազմին մէջ` նշելով, որ նախագահը տակաւին կը շարունակէ բանակցութիւնները քաղաքական ուժերուն հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ անձամբ ընկերակցեցաւ գործադիրի նոր ղեկավարին դէպի կառավարութեան շէնք. Աբրահամեանը դիմաւորողներու շարքին չկար նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
«Իրաւունք եւ պարտականութիւն կը զգամ», ասոնք էին Աբրահամեանի առաջին բառերը` իբրեւ վարչապետ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:
«Ես մեր խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ պիտի համագործակցիմ, քաղաքացիական հասարակութեան, հասարակական կազմակերպութիւններուն, նաեւ փորձագիտական խումբերուն հետ: Բոլորին կարծիքները պիտի լսեմ», փոխանցեց նոր նշանակուած վարչապետը:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսէ՞ ոչ իշխանական ուժերէն կառավարութեան անդամներ ունենալ, Աբրահամեան ըսաւ. «Եթէ ցանկութիւն ըլլայ, հանրապետութեան նախագահը հիմա կը բանակցի Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն հետ, եւ որոշումները մենք միասին կու տանք»:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ անձամբ ինքը կը տեսնէ կառավարութեան կազմին մէջ, Աբրահամեան պատասխանեց` բոլոր տեսակի:
Անդրադառնալով տնտեսութեան բարելաւման ուղղուած իր ձեռնարկելիք առաջին քայլերուն` վարչապետը նշեցգ «Առաջին քայլը պիտի ըլլայ լսել բոլոր քաղաքական ուժերուն, մենք միասին պէտք է որոշում տանք, ես պիտի ըլլամ շատ թափանցիկ, բաց եւ հասանելի բոլորին համար»:
«Ամէն ինչ պիտի ընենք, Տիգրան Սարգսեան ամէն բան ըրած է, ջանք չէ խնայած, եւ մենք կը փորձենք շարունակել եւ մեր ունեցած ներուժով կը փորձենք միասին այսօրուան մեր խնդիրներուն լուծում տալ: Առաջին խնդիրը մեր քաղաքացիին արժանավայել ապրելու խնդիրն է», Տիգրան Սարգսեանի ձգած ժառանգութեան անդրադառնալով յայտարարեց Աբրահամեան:
Կիրակի օր իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստին, հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն կարգին նշած էր նաեւ պարտադիր կենսաթոշակային համակարգի ներդրումը:
Այդ առիթով վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ըսաւ. «Պիտի քննարկենք եւ լսենք բոլորին հարցերը, բոլորին խնդիրները, մտահոգութիւնները եւ պիտի փորձենք հարցերուն լուծումներ տալ: Մենք մեր ժողովուրդին թշնամին չենք, մենք ամէն բան պիտի ընենք, որպէսզի մեր խնդիրներուն, որ այսօր առկայ են մեր հանրութեան մէջ, լուծումներ գտնենք: Ասոր համար ժամանակ պէտք է եւ կը կրկնեմ, նիւթական մեծ միջոցներ»:
Նախագահի մամուլի գրասենեակին հաղորդմամբ` կառավարութեան մէջ երէկ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան խնդրած է գործող կառավարութեան անդամներէն մինչեւ նոր գործադիրի ձեւաւորումը եռանդով շարունակել իրենց աշխատանքը:
«Մենք որեւէ կողմնորոշում որեւէ թեկնածուի վերաբերեալ չունինք, եւ ես պէտք է խնդրեմ բոլոր իմ գործընկերներէս աւելի մեծ եռանդով շարունակել իրենց պարտականութիւններուն կատարումը: Սահմանադրութեան սահմանած ժամկէտին, պարո՛ն նախագահ, Ձեզի հետ համաձայնելով, կը ներկայացնենք նոր կառավարութեան կազմը: Եւ մօտեցումը կ՛ըլլայ կառավարութեան անդամներուն այս տարիներուն ընթացքին կատարած աշխատանքի արդիւնքն ու նաեւ այն, թէ որքանո՛վ ապագային ի վիճակի կ՛ըլլան իրականացնել նոր ծրագիրներ», ըսած է Աբրահամեան:
Այցելութիւն` Ս. Էջմիածին
Երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը:
Հանդիպման ընթացքին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները տուաւ Յովիկ Աբրահամեանին Հայաստանի վարչապետի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` արդիւնաշատ իրագործումներ մաղթելով անոր հայրենիքի բարօր կեանքի կերտման առաքելութեան մէջ: Ամենայն հայոց հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկրին եւ ժողովուրդին առջեւ դրուած բազմաթիւ դժուարութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ նոր նշանակուած վարչապետը տարիներու իր փորձառութեամբ եւ վաստակով դրական տեղաշարժեր եւ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրէ հայոց կեանքին մէջ:
Զրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ առկայ ազգօգուտ համագործակցութեան` հայ եկեղեցւոյ եւ հայրենի պետութեան տարբեր կառոյցներուն միջեւ: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հաստատեց, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, հաւատարիմ իր ազգային առաքելութեան, պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել հայրենի իշխանութիւններուն իրենց հայրենանուէր ձեռնարկումներուն եւ անկախ պետականութեան զօրացման գործին: Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հաստատեց, որ յանձնառու է եւ վճռակամ` առկայ խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերը կատարելու եւ արդարացնելու ժողովուրդի սպասումները:
Հայաստանի վարչապետը նաեւ վստահեցուց, որ ինչպէս միշտ, պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել հայ եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ կապերու առաւել ջերմացման ու ամրապնդման համար:

