Դրամական Օգնութեան Փոխանցում` Քեսապահայութեան
13 ապրիլին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան միջոցով «Համահայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ 63,060 ամերիկեան տոլար փոխանցուեցաւ Լաթաքիոյ շտապ օգնութեան մարմինին: Յատկացուած գումարը «Համահայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ քեսապահայութեան փոխանցուած առաջին նիւթական յատկացումն է:
Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած քեսապահայութիւնը իր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, «Համահայկական հիմնադրամ»-ին, հայրենիքի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան` օրհասական այս պահուն զօրակցութեան, բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար:
CATEGORIES Հայկական

