Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր լսած լուրը հաւաստի չէ, հետեւաբար այդ կապակցութեամբ որոշում տալու պարտաւոր մի՛ ըլլաք: Հապճեպ անդրադարձումը սխալ տեղ կը տանի ձեզ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քանիցս որոշած էք ընթացք տալ ինքնահաւան անձերու անարժան խնդրանքին, սակայն դարձեալ կ՛իյնաք թակարդի մէջ, երբ քաղցր լեզուով խօսողին ըսածները լսէք: Անարժան անձերէ հեռու մնացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր պատրաստած հաշիւը նոյն արժէքը պիտի չունենայ շուկայի տարբերակին հետ, հետեւաբար անակնկալ չըլլայ, երբ ձեր քսակէն յաւելեալ գումար դուրս պիտի գայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրելի անձի մը հետ գլուխ գլխի հանդիպում մը պիտի ունենաք: Ձեր մտածումը եւ ձեր խօսակիցին միտքերը նոյն կէտը պիտի շօշափեն` առանց յետին նպատակի: Օրը նկատեցէք յաջող իրագործում մը ներշնչող:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Որքան ալ խրատ եւ խորհուրդ տաք ձեր զաւակներուն, անոնց ըմբռնումը տարբեր ուղղութեամբ պիտի ընթանայ: Եթէ ծնող էք, մի՛ զարմանաք այս իրողութեան դիմաց: Յիշեցէք ձեր երիտասարդութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք քանի մը հրաւէր` տարբեր բնոյթի: Նախընտրեցէք արուեստի վերաբերողը, որպէսզի ձեր յոգնածութիւնը թեթեւնայ, եւ հանգստանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ արուեստագէտի կամ արուեստասէրի խմորում ունիք, այսօր պիտի ունենաք փայլուն ներշնչում մը, նման պահերը արժեւորեցէք ստեղծագործելով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական ներդրում մը պիտի կարենաք իրագործել շնորհիւ ձեր խոհեմ եւ արթնամիտ վերաբերումին: Իմաստութեամբ սկսուած գործը կը յաջողի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Որքան ալ ըլլաք ինքնավստահ եւ գերադասէք ձեր կարողութիւնը, նկատի առէք նոյն ատեն ձեր շուրջիններուն կարողութիւնը: Ձեր անտեսածը կրնայ զարմացնել ձեզ: Շրջահայեաց եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կը սիրէք տալը, բայց գիտցէք ձեր չափը: Խանդավառութեան մը պահուն չափազանցութեան զոհը մի՛ ըլլաք: Չափաւորութեան սահմանը ճիշդ չափեցէք, որպէսզի մնաք անվնաս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դադար մը տուէք ձեր աշխատանքին: Եթէ անհատնում աշխատանքներու ձեռնարկէք, չէք կրնար ձեր որոշած ծրագիրը իրագործել հանդարտ տրամադրութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր հիւրերը շատ պիտի գնահատեն ձեր հրամցուցած ճաշերը: Ձեր յոգնութիւնը պիտի թեթեւնայ` լսելով գովասանքներ եւ փոխադարձ հրաւէր ընթրիքի:

