50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1964)
Թուրք Մամուլ
Թուրքերը Կը Բողոքեն… Եւ Կ՛ուրանան
Հայերու Հանդէպ Իրենց Ի Գործ Դրած Զուլումը
Պոլսոյ «Ճիւմհուրիէթ» թրքական թերթին մէջ Պիւրհան Ֆելեք կը գրէ.-
Ֆրանսական նշանաւոր շաբաթաթերթը` «Փարի Մաչ», իր վերջին թիւերէն մէկուն մէջ կը նկարագրէ ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի Երեւան այցելութիւնը: Գացեր է իր ծերունի մեծ մայրը տեսնելու, եւ այս առիթով տխուր, սրտառուչ նկարներ հրատարակուեր են: Անշուշտ մարդկային է այս: Երեւանի մէջ 92 տարեկան ծեր մամիկ մը, որ իր թոռը չի ճանչնար անգամ, բնականաբար պիտի լան, պիտի փղձկին, ֆիլան, ֆալան...: Մինչեւ հոս աղէկ: Միայն թէ մամուն եւ թոռան ողջագուրումը պատկերացնող նկարին մէկ անկիւնը քանի մը տողեր կան, թարգմանենք զանոնք.-
«Տիկին Ազնաւուրեանին զաւակը իր երիտասարդ կնոջ հետ 1923-ին Հայաստանէն փախած է թուրքերու զուլումէն փրկուելու համար»:
Խիղճ ունեցիր, պարո՛ն: Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ Շ. Ազնաւուրի հայրենիքը, Երեւան, 1828-ին գրաւուած էր ռուսերու կողմէ: Չըլլա՞յ թէ ռուս բառին տեղ սխալմամբ «թուրք» գրած ըլլաք: Կը հաւատանք, թէ նոյնինքն Շ. Ազնաւուր, որ դեռ վերջերս Թուրքիա եկաւ, տեղեկութիւն չունի այս ծանր սխալէն: Չենք ուզեր սակայն լուռ անցնիլ այդ սխալին վրայէն, եւ կը զարմանանք, որ ամբողջ աշխարհի մէջ սպառում ունեցող պարբերական մը ինչպէ՛ս կը գործէ այդպիսի սխալ մը: Քիչ մը պատմութիւն, աշխարհագրութիւն չե՞ն գիտեր արդեօք: Կը խորհինք, թէ ուրիշներ ալ զգուշացուցած են «Փարի Մաչ»-ը:
Սասունի Մէկ Գիւղին Մէջ Ամբողջ
Հայ Սիւրիանիները Իսլամացան
Պոլսոյ վերջին թղթաբերէն (ապրիլ 7) կ՛իմանանք այս անհաւատալի լուրը: Շատ պիտի ուզէինք, որ թրքական «մասալ» մը ըլլար, թէեւ տրուած մանրամասնութիւնները պատրանք չեն թողուր:
«Հիւրրիէթ» կը գրէ.- Սասունի Աճառ գիւղին մէջ ամբողջ սիւրիանի հայերը իսլամացան, Պաթմանի միւֆթիին, Ալաէտտին Եաւուզի ներկայութեան: Իսլամացողները 88 հոգի են, 48-ը` տղայ, քառասունը` կին եւ այր, որոնք կը բնակին նախապէս քրիստոնեայ այդ գիւղին մէջ եւ իրենց կրօնափոխութեան պատճառով փոխեցին իրենց անուններն ալ եւ մզկիթի վերածեցին իրենց դարաւոր եկեղեցին:
Գիւղին նախորդ հոգեւոր պետը` Իսա Տեմիրճի, յայտարարեց, թէ իսլամութիւնը յառաջդիմասէր կրօն մըն է, եւ իրենք երկար ատենէ ի վեր կ՛ուզէին իսլամանալ:
Շէյխ Գասըմ Պատոյի միջնորդութեամբ, Պաթմանի միւֆթին Աճառ եկաւ, եւ հաւաքաբար իսլամացուց այդ ժողովուրդը` բացատրելէ ետք իսլամութեան կոչումը եւ արժէքը: Դաւանափոխները կը պատրաստուին թլփատել իրենց զաւակները:
Փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի Դասախօսութիւնը
Արդի Հայոց Լեզուի
Տրամաբանական Կառուցուածքը
Հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի վերջընթեր դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ ապրիլ 8-ին, չորեքշաբթի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Հայկազեան քոլեճի տնօրէնութեան:
Նիւթը մատչելի ըլլալով` շատ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Հայ լեզուի բարդ բառերու կազմութեան վրայ ծանրացաւ առաւելաբար` զանոնք բաղդատելով հնդեւրոպական այլ լեզուներու եւ մասնաւորաբար ֆրանսերէնի բառերու կազմութեան հետ: Հայերէնի մէջ երբեմն երկիմաստ բայարմատներ գոյութիւն ունին, օրինակ` ըսենք փայտահար (փայտահատի իմաստով) ներգործական է, իսկ ընդհակառակն, կրաւորական է, երբ նոյն հիմնաբառին կը հանդիպինք արեւահար բարդութեան մէջ: Այսպէս` երկիմաստ է այս անգամ ռամկավար բարդ բառը: Ռամի՞կը վարող, թէ ռամիկով, ռամիկին կողմէ վարուող:
Կարեւոր հարց մըն է նաեւ ածականներու գործածութիւնը: Այստեղ եւս անհրաժեշտ է հետեւիլ կանոնին: Եթէ բնորոշուող գոյականը քանի մը ածականներ ունի, նախ կը դնենք անմիջական եւ անառարկելի իմաստը բնորոշող ածականը, ապա միւս երկրորդական եւ վիճելի ածականները: Օրինակ` կապոյտ եւ աղուոր գլխարկ: Այս նախադասութեան մէջ վիճելի չի կրնար ըլլալ, թէ այդ գլխարկը կապոյտ չէ, բայց շատեր կրնան առարկել անոր աղուորութեան մասին:
Տրամաբանական այս շարադասութիւնը որպէս կանոն կ՛ընդունինք նաեւ ենթակայի եւ ստորոգելի գործածութեամբ, երբ ուզենք նախադասութիւն մը կազմել: Այս կանոնը պէտք է գործադրուի լեզուի գեղեցկութեան համար:
Հայ լեզուն հարուստ է, իսկ բոլոր բառերը ունին իրենց մասնաւոր եւ յատուկ նուրբ իմաստները: Պարագան նոյնը չէ ֆրանսերէնի համար, ուր կան բազմաթիւ բառեր, որոնք մէկէ աւելի իմաստներ ունին:
Եռարմատ բառերը հայոց լեզուն չ՛ընդունիր եւ խորթ կը նկատէ, այսպէս` օդերեւութաբանութիւն, բառը մեր ականջին լաւ չի հնչեր: Հայերէնը ասոր համար ալ կրցած է հնարք մը գտնել. օրինակ` կ՛ըսենք ժամացոյց, իսկ ժամացոյցը նորոգողին փոխանակ ժամացուցագործ ըսելու, կ՛ըսենք ժամագործ. իմաստը քիչ մը կը տուժէ, բայց լեզուն կը շահի:
Այսպէս, հարուստ օրինակներով եւ հիացական արտայայտութիւններով վերջ գտաւ դասախօսութիւնը:
Ա.

