«Ազդակ` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թրքական Դեսպանատան Կողմէ Հայ Մամուլին Դէմ Բացուած Դատին Առիթով` Հայկական Միասնական Ճակատ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Մամլոյ Սենտիքան Իրը Նկատեց
«Ազդակ»-ի Դատը

DSC09336Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատը խոր ընդվզում յառաջացուց ժողովրդային բոլոր խաւերուն մէջ եւ լայն արձագանգ գտաւ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներէն ներս: Բոլորն ալ անհանդուրժելի նկատեցին թրքական նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն էր լռութեան դատապարտել հայ մամուլը: Լիբանանցի բազմաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններ զօրակցութիւն յայտնեցին, իսկ մամլոյ սենտիքան իրը նկատեց  «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դատը: Համակրանքի արտայայտութիւններ արձանագրուեցան լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու եւ մամուլին կողմէ: Իր կարգին հայ աշակերտութիւնը իր ընդվզումը արտայայտեց: Բոլորն ալ համոզում յայտնեցին, որ հայ մամուլը լռեցնելու փորձը պիտի ձախողի: Քաղաքական շարք մը անձնաւորութիւններ հայութեան կողքին հետեւեցան դատավարութեան:

***

«Ազդակ» 19 մայիս 1970-ի թիւով եւ «Արդարութեան ճամբով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Այն օրէն ի վեր, երբ մեր ժողովուրդը ոգեկոչման յարգանքներուն առընթեր, քաղաքական հասունութեամբ մը, Մեծ եղեռնին քաղաքական ծալքերը սկսաւ բանալ ու պարզել աշխարհին սպանդին կանխամտածուած ծրագիրն ու գործադրութեան եղանակները, թուրքը սկսաւ անհանգստութեան բազմապիսի նշաններ ցոյց տալ եւ ցեղասպանութեամբ արատաւոր իր անունը մաքրելու միտող միջոցառումներու դիմել:

«Եթէ պատերազմէն յաղթական դուրս գանք` ոչ ոք կրնայ հաշիւ պահանջել մեզմէ, իսկ եթէ պարտուինք, արդէն կորսուած ենք», ըսին թուրք դահիճները այն օրերուն եւ այս տրամաբանութեամբ գործադրեցին ցեղասպանութեան իրենց ծրագիրը:

Մեծ պատերազմէն յաղթական դուրս չեկան թուրքերը. անկէ դուրս եկան պարտուած, բայց դարձեալ, մեծ պետութիւններու հաշիւը թոյլ չտուաւ, որ հաշիւ պահանջուի իրենցմէ եւ Թուրքիան երկար ատեն հանգիստ մնաց, մինչեւ այն թուականը, երբ մարդկութիւնը ցեղասպանութեան ուրիշ փորձառութիւններ ապրելէ ետք հրատարակեց համաշխարհային իր օրէնքը. այն` որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած անժամանցելի ոճիր կը նկատէր:

Այդ օրէն է, որ Թուրքիան սկսաւ զգայուն դառնալ իր գործած մեծ ոճիրը իրեն յիշեցնող շարժումներուն ու փաստերուն նկատմամբ եւ սկսաւ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր միջոցներով սրբել իր անունէն առաջին ցեղասպանի անջնջելի խարանը:

Թուրքերու բողոքին վրայ լիբանանահայ մամուլի երկու անդամներուն` «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատը ունի քաղաքական շարժառիթ մը, հակառակ անոր տրուած իրաւական ջնարակին. այն պատրուակին, որ, իբր թէ, ամբաստանուած թերթերը մամլոյ օրէնքը ոտնակոխ ըրած են, հրատարակութեան տալով թուրք պետութեան նախագահին հասցէին ուղղուած անուանարկիչ գրութիւններ:

Դատական թղթածրարին մաս կազմող խնդրոյ առարկայ երկու գրութիւններուն խորքով հարիւրաւոր յօդուածներ գրուած են ասկէ առաջ, գրուած են մեր կողմէ կամ օտարներուն գրչով: Դեռ քանի մը տարի առաջ, լիբանանցի իրաւաբան մը, մեթր Մուսա Փրենս, Փարիզի մէջ, Ոճրային կանխարգիլումի միջազգային Բ. համագումարին ներկայացուց հայասպանութեան հարցը իբրեւ ոճիր մարդկութեան դէմ, իբրեւ անժամանցելի ոճիր, եւ ապա հրատարակութեան տուաւ նոյն նիւթը շօշափող 800 էջերէ բաղկացած իր մեծ գործին ներածականը, ուր տրուած էր ցեղասպանին, հայասպանին անունն ու հասցէն, բայց հայասպանութիւնը կազմակերպող ոճրագործներուն այսօրուան ժառանգորդները դիւրազգածութիւններ ցոյց չտուին այս առիթով, դատ բանալ չտուին, մինչ նման գործերու մանրանկարը համարուող մեր հրատարակած կարճ գրութիւններուն դէմ դատ բանալ տալու չափ ուժգին բողոքներ կը ներկայացնեն:

Պատճառը չի խուսափիր մեզմէ: Թուրքերը նպատակայարմար կը համարեն առաջին հերթին լռեցնել ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին մնացորդացը: Հայ դատին բո՛ւն իրաւատէրը եւ առ այդ կը ճգնին շահագործել իրենց հին ու նոր, մօտաւոր թէ հեռաւոր բոլոր կապերը, սնուցանելով այն միամիտ յոյսը, թէ կրնան մարեցնել արդարութեան ձայնը եւ թօթափել ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը իրենց ուսերէն:

Նոյն մտքով էր որ աշխատեցան արգելք հանդիսանալ Մոնթեպելլոյի յուշարձանի բարձրացման ու բացումին, նոյն ճիգը ի գործ դրին հոս, Պիքֆայայի յուշարձանին առիթով. նոյնը` հարաւային Ամերիկայի մէջ, Արժանթինի թէ Մոնթէվիտիոյի հայութեան նախաձեռնութիւններուն դէմ: Անոնցմէ առաջ` նմանօրինակ հակազդեցութիւններու դիմեցին «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին ֆիլմի պատրաստութեան զանազան շրջաններուն:

Այս միջոցառումները անո՛ր համար անշուշտ, որ թուրքերը կը սարսափին հայասպանութիւնը յիշեցնող առարկայական փաստերէն, ինչպէս նաեւ մեր արթնութենէն: Արձաններուն ու պատկերներուն լեզուն տիեզերական լեզու է, իսկ մենք այսօր անծանօթ լեզու մը գործածող անծանօթ ժողովուրդ մը չենք, գիտենք բազմաթիւ լեզուներով ներկայանալ աշխարհին, ներկայացնել մեր դատը, որուն համար, վերը յիշուած մեր նոր առաւելութիւններուն, նոր ուժին համար խիստ մտահոգ է թուրքը եւ իրաւականօրէն մեզ լռեցնելու իր փորձով` կ՛ուզէ հայութիւնը վերածել լուռ զանգուածի մը:

Բայց այս միտքը չի կրնար հող գտնել ոչ հոս, Լիբանանի մէջ եւ ոչ ալ այլուր: Ցեղասպանութիւնը` միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն մտահոգութեան մաս չի կազմեր: Հայութեան դէմ ուղղուած ըլլայ թէ արաբին, հարաւային Ափրիկէի մէջ գործադրուի թէ ուրիշ բեւեռի մը մէջ, ցեղասպանութիւնը կը համարուի համամարդկային ոճիր մը, բոլոր ժողովուրդներուն հարցը եւ ոեւէ ցեղասպան չի կրնար ազատիլ արդարութենէն, ու առաջին հերթին առաջին ցեղասպանը, թուրքը:

Խօսքի ու ազատութեան այս երկրին մէջ, ուր մարդկային արժէքներու խոր ըմբռնումը դարերէ ի վեր լայն տեղ գտած է Լիբանանի ժողովուրդին մտածողութեան մէջ, վստահ ենք, որ այս երկրին արդարութիւնը պիտի ըսէ իր խօսքը արդարութեան ճամբով, այսինքն` մե՛ր ճամբով»:

***

«Քիֆահ», «Նահար», «Լը Սուար», «Ժետիտէ», «Անուար», «Ժումհուրիյէ», «Մուհարրէր», «Հայաթ» եւ «Տէյլի Սթար» լիբանանեան թերթերը արձագանգ հանդիսացան իրենց երկու պաշտօնակիցներու դէմ բացուած դատին, զայն նկատելով ոտնձգութիւն մը ընդհանրապէս լիբանանեան մամուլի ազատութեան դէմ:

Իր կարգին, «Սփիւռք» շաբաթաթերթին խմբագրութիւնը «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատին առիթով, իր նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական միջոցներով, Պէյրութ հրաւիրեց եգիպտահայ իրաւաբան մեթր Ստեփան Շահպազը` իբրեւ խորհրդական:

«Այգ» օրաթերթը հրատարակեց խմբագրական մը` «ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ, ՈՏՔԻ՛» խորագիրով, ուր կը շեշտէ, թէ «այսօրինակ դատի մը մէջ, մամուլն ու հանրային կարծիքը, առանց կուսակցական եւ համայնքային խտրութեան, ներդաշնակ են իրարու հանդէպ եւ իրենց միակտուր ճակատը անգամ մը եւս պիտի ապահովէ յաղթանակը Իրաւունքին` ընդդէմ քաղաքական խաղերու, յաղթանակը` Արդարութեան` ընդդէմ դիւանագիտական նկատողութեանց»:

***

DSC0934019 մայիս 1970-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Լիբանանեան մամլոյ սենտիքան ունեցաւ ընդհանուր ժողով մը, որուն ներկայ եղան «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի պատասխանատու տնօրէնները` Հայկ Պալեան եւ փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան:

Մամլոյ սենտիքային նախագահ Ռիատ Թահայի հետ եղած տեսակցութեան ընթացքին, երկու թերթերուն ներկայացուցիչները ամբողջութեամբ պարզեցին հարցին իսկական բնոյթը: Նախագահը ջերմ համակրանքով արտայայտուեցաւ հայ մամուլին մասին եւ յայտնեց, թէ սենտիքան, իբրեւ մարմին, տէր կը կանգնի իր երկու անդամներուն դատին:

Արդարեւ, Ռիատ Թահա եւ սենտիքային փոխնախագահը` Տիգրան Թոսպաթ որոշեցին անձնապէս դատարան առաջնորդել իրենց երկու մեղադրեալ պաշտօնակիցները եւ ներկայ ըլլալ դատավարութեան:

Իր այս ազնիւ ժեսթով, մամլոյ սենտիքան եւ իր կորովի նախագահը` Ռիհա Թահա, որ միշտ պաշտպան կանգնած է իր հոգածութեան ենթակայ մամուլին ազատութեան, յայտնեցին իրենց անվերապահ համակրանքը հանդէպ հայ ժողովուրդին:

***

Լիբանանեան քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ մեծ շատագրգռութիւն ցոյց տուին հայութեան դէմ ուղղուած այս քայլին նկատմամբ, խորապէս ըմբռնելով Թուրքիոյ դիտաւորութիւնները եւ նոյն ատեն յայտնելով, թէ իրենց կարելի բոլոր միջոցներով տրամադիր են թիկունք կանգնիլ հայութեան արդար դատին:

Այսպէս, փաղանգաւորներու քաղաքական դիւանի փոխնախագահ` նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժոզեֆ Չատեր տեսակցութիւն մը ունեցաւ «Ազդակ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ, յանուն իր կուսակցութեան, յայտնեց, թէ փաղանգաւոր բոլոր երեսփոխանները եւ փաստաբանները հայ մամուլի տրամադրութեան տակ են, աւելցնելով, որ ինք անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ դատավարութեան:

Նոյն արտայայտութիւնները ունեցան նաեւ Լիբանանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Պութրոս եւ բազմաթիւ այլ երեսփոխաններ, ինչպէս տոքթ. Էմիլ Սալհապ, Ֆուատ Թեհինի եւ Միշել Մըր, որոնք նոյնպէս յայտնեցին, որ ներկայ պիտի ըլլան դատավարութեան:

***

19 մայիսին, ժամը 12:00-ին, երկու թերթերուն պաշտպան փաստաբան մեթր Մոհսէն Սլիմի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը, որուն մասնակցեցան զբօսաշրջութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեան, պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, փոխադրութեանց ընդհանուր տնօրէն փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան, մամլոյ սենտիքայի փոխնախագահ Տիգրան Թոսպաթ, պաշտպան փաստաբան մեթր Հրաչ Շամլեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կողմէ` մեթր Հրաչ Սեդրակեան եւ Փանոս Թիթիզեան, «Զարթօնք»-ի պատասխանատու տնօրէն փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, ՍԴ հնչակեան կուսակցութեան կողմէ` Յարութիւն Ճերեճեան եւ Աւետիս Փաթաթեան, «Արարատ»-ի խմբագիր Ժիրայր Նայիրի, ՀՅ դաշնակցութեան կողմէ` Երուանդ Փամպուքեան, «Ազդակ»-ի պատասխանատու տնօրէն Հայկ Պալեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագիր Տիգրան Ոսկունի:

Միասնականութեան սքանչելի ոգիով մը, ներկաները քննեցին դատին բոլոր երեսները ու տուին անհրաժեշտ որոշումները, որպէսզի հայ ժողովուրդը յաղթական դուրս գայ այս պայքարէն, ձախողեցնելով իրեն դէմ ուղղուած թրքական սադրանքները:

Բոլորին կարգախօսը եղաւ մնալ զուսպ եւ կարգապահ:

***

Թրքական դեսպանատան կողմէ «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատերուն առիթով «Արարատ», «Այգ», «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերը «Լիբանանահայ մամուլին խօսքը» խորագիրով միացեալ կոչ մը հրապարակեցին, ուր կ՛ըսուի.

«Լիբանանահայ օրաթերթերը, նկատելով որ Ընդհանուր դատախազութեան կողմէ իրենց երկու անդամներուն` «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած կրկնակ դատը խորքին մէջ կը վերաբերի բոլորին, պարտականութիւն կը նկատեն լուսաբանել իրենց պաշտօնակիցները եւ հանրային կարծիքը` էութեան եւ տարողութեան մասին այն դատին, զոր կը նկատեն նոյն ատեն ուղղուած հայատառ բոլոր հրատարակութիւններուն եւ լբիանանահայութեան դէմ:

1.- Ինչո՞ւ մեզի դէմ դատ կը բացուի Պէյրութի մամլոյ վերաքննիչ ատեանին առջեւ.-

Պէյրութի թրքական դեսպանատան կողմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած բողոքի մը հիման վրայ, այս վերջինը բողոքը փոխանցած է տեղեկատուութեան նախարարութեան` վերջ դնելու համար լիբանանահայ մամուլի շղթայազերծած պայքարին` ընդդէմ ցեղասպանութիւնը նախաձեռնողներուն եւ գործադրողներուն – պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը, որ 1915-ին մէկուկէս միլիոն հայ զոհեր խլեց: Տեղեկատուութեան նախարարութիւնը, իր կարգին, վերոյիշեալ բողոքը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան նամակը ղրկած է արդարութեան նախարարութեան, որ ձեռնարկած է դատական այն հետապնդման, որուն ենթակայ ենք այսօր:

2.- Պէյրութի վերաքննիչ ատեանին դատաւորները պիտի վճռեն այս բողոքին ընդունելիութիւնը` ըստ էութեան եւ ըստ ձեւի: Չենք ուզեր այժմէն կարծիք յայտնել անոնց որոշման մասին: Բայց մեր պարտականութիւնը կը նկատենք ճշդել հոս` թէ «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի մեղադրեալ յօդուածները կը վերաբերին ոգեկոչմանը 1915-ի նահատակներուն, որոնց յիշատակը միշտ վառ կը մնայ, ինչ որ ըլլան պայմանները, եւ այն ցեղասպանութեան, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը: Պարտականութիւն կը նկատենք նաեւ յայտնել, թէ մամլոյ դատերը որեւէ պարագայի մէջ չեն կրնար ջնջել պատմութիւնը, ամէնէն անաչառը դատաւորներուն, որովհետեւ պատմութիւնը իր խօսքը ըսած է արդէն այս մասին ու հայերը, ուր որ ալ գտնուին, երբեք տրամադիր չեն գոցելու իրենց անցեալին այս արիւնոտ եւ դաժան էջը:

3.- Լիբանանահայ թերթերը կը նկատեն, թէ իրենց դէմ բացուած դատին ընդմէջէն, թիրախը խօսքի ազատութիւնն է, որ էական է նոյնինքն Լիբանանի գոյութեան համար: Կը նկատեն նաեւ, որ այս դատը կը վիրաւորէ զգացումները լիբանանեան համայնքի մը, որ իր անվերապահ հաւատարմութեան բոլո՛ր գրաւականները տուած է հանդէպ լիբանանեան հայրենիքին եւ որ կը հանդիսանայ լիբանանեան ընտանիքին ամէնէն առողջ ուժերէն մէկը: Մանաւանդ որ` այս համայնքը գիտակի՛ց է իր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութեանց, ինչպէս նաեւ գիտէ իր իրաւունքին սահմանները ու, այլ համայնքներու նման, նախանձախնդիր է աշխատելու Լիբանանի մեծութեան եւ յաւիտենականութեան համար եւ որուն իւրաքանչիւր քայլին նպատակն է ծառայել Լիբանանին:

4.- Այս իրողութիւնները արձանագրելէ ետք, ամբողջական վստահութիւն ունենալով հանդերձ Լիբանանի դատաւորներուն վրայ, որոնք միշտ ալ ապահոված են իրաւունքին յաղթանակը, կոչ կ՛ընենք լիբանանեան հանրային կարծիքին, որպէսզի մեր կողքին մասնակցի մեր նահատակներուն յիշատակին, մեր անուրանալի իրաւունքներուն, մեր պատուին եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ
«Արարատ», «Ազգ», «Ազդակ», «Զարթօնք»

 ***

«Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ թուրք դեսպանատան բողոքին վրայ բացուած դատին առիթով, բազմաթիւ նամակներ ուղարկեցին անհատ ազգայիններ, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնէին բարոյապէս եւ նիւթապէս թիկունք կանգնելու հայ մամուլի դատին, զոր կը նկատէին  ամբողջ հայութեան դատը:

Նամակներ յղեցին Ազգային Նուպարեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Սուրէն Խանամիրեան, Վահան Թէքէեան, Եփրեմեան, Նշան Փալանճեան Ճեմարան, Դարուհի Յակոբեան, Յովակիմեան Մանուկեան, Երուանդ Տեմիրճեան, Լեւոն Կ. Նազարեան, Անթիլիասի նախակրթարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայկազեան քոլեճի եւ այլ վարժարաններու աշակերտներ:

 

Share this Article
CATEGORIES