Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հրանուշ Յակոբեանն Ու ՄԱԿ–ի Ղեկավարը
Քննարկած Են Քեսապի Կացութիւնը
Հայաստանի սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան 9 ապրիլին ընդունած է ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Պիերուիրտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքները, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն հիմնախնդիրները, նաեւ` զանոնք կացարաններով ապահովելու եւ Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցման առնչուող շարք մը այլ հարցեր:
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան բարձր գնահատած է Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին հետ գործակցութիւնը, Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն հիմնախնդիրներու լուծման գծով անոնց աշխուժ գործունէութիւնն ու Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները` Քրիստոֆ Պիերուիրտի մասնակցութիւնը:
Քրիստոֆ Պիերուիրտ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին` կառուցողական քննարկումներուն, առաջարկներուն եւ համագործակցութեան համար: Ան նշած է, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Քեսապի դէպքերուն, մնայուն կապի մէջ է ՄԱԿ-ի համապատասխան ստորաբաժանումներուն հետ եւ հայ ժողովուրդին դիրքորոշումը փոխանցած է ՄԱԿ-ի գործընկերներուն: Ք. Պիերուիրտ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցերու լուծման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը` յոյս յայտնելով, որ անոնք կը ստանան անհրաժեշտ օժանդակութիւնն ու նեցուկը:
Հանդիպման աւարտին կողմերը համաձայնած են շարունակել միատեղ աշխատանքները` ստեղծուած իրավիճակին մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրները լուծելու, յատկապէս` բնակարանաշինութեան եւ կացարաններով ապահովելու ուղղութեամբ ծրագիրներ գործադրելու համար:
Բակօ Սահակեան Կովսականի Մէջ Մասնակցած Է
Բազմաբնակարան Շէնքի Բնակարանամուտին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 ապրիլին այցելած է Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաք եւ մասնակցած` բազմաբնակարան շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Բակօ Սահակեան այցելած է Կովսականի նորակառոյց հիւանդանոց եւ ծանօթացած աշխատանքային պայմաններուն:
Ան ծանօթացած է նաեւ քաղաքին մէջ կառուցուող նոր մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքներուն: Նախագահը կարեւոր նկատած է հարաւային շրջաններու զարգացումը, բնակչութեան ընկերային-տնտեսական պայմաններու բարելաւումը, աւելցնելով, որ այսուհետեւ եւս այս ուղղութեամբ իրենց կարելին պիտի ընեն:
Այցելութեան ընթացքին նախագահին ընկերակցած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Երէցկիներու Հաւաք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ
Ս. Աստուածածինի Աւետման տօնին առիթով 7 ապրիլին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու նախագահութեամբ տեղի ունեցած է երէցկիներու անդրանիկ հաւաքը:
Հաւաքին առիթով Հայաստանի թեմերէն եւ Արցախէն Մայր Աթոռ ժամանած 120 երէցկիները նախ ներկայ գտնուած են Մայր տաճարին մէջ` տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին: Անկէ ետք Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ կայացած է երէցկիներու հաւաքը: Բացման խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեանը, որ ընդգծած է առաջին անգամ ըլլալով կայացող այս հաւաքին կարեւորութիւնը` նշելով, որ Ս. Աստուածածինի Աւետման տօնին խորհուրդը հոգեպարար մթնոլորտ հաղորդած է այս բացառիկ հանդիպման եւ տօնին հոգեւոր խորհրդաբանութիւնը աւելի կը յատկանշուի իրենց քահանայ ամուսիններուն առաքելութեան երէցկիներուն ունեցած մասնակցութեամբ:
Բացման խօսքէն ետք, «Երէցկինին դերակատարութիւնը հովուական կեանքում» նիւթով զեկուցած են Արագածոտնի թեմի Ոսկեվազ համայնքի հոգեւոր հովիւ Զօրայր քհնյ. Կարապետեանն ու երէցկին Զինարիկ Անտոնեանը:
Գոհունակութիւն յայտնելով հաւաքին ընթացքին ներկայացուած տարբեր ծրագիրներուն եւ երէցկիներուն կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն առիթով` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ըսած է. «Շատ գովարժան է, որ երէցկիները զօրակից են քահանաներուն իրենց ծառայութեան ու առաքելութեան մէջ: Ինծի համար մեծապէս ուրախալի է եւ հաճելի, որ մեծաթիւ երէցկիներ նման գործունէութիւն կը կատարեն: Այս իմաստով ես կ’ողջունեմ եւ իմ գնահատանքս կ’ուղղեմ այն երէցկիներուն, որոնք պատիւ կը բերեն իրենց քահանայ ամուսիններուն, փառք կ’աւելցնեն մեր Ս. եկեղեցւոյ` գեղեցիկ օրինակ դառնալով միւսներուն: Ես մեծ ուժ կը տեսնեմ ի դէմս երէցկիներուն: Եթէ դուք ներգրաւուիք ծառայութեան մէջ հովուական կեանքին, վստահաբար այդպիսի արդիւնաւէտութիւն պիտի ապահովէք»:
Հաւաքի լոյսին տակ որոշուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ ստեղծել կառոյց մը, որ պիտի կազմակերպէ երէցկիներու տարեկան հաւաքները, ինչպէս նաեւ անոնց նախաձեռնութեամբ պիտի կատարէ հանրօգուտ ծրագիրներ:
«Թումօ»-ի Դրամահաւաքին Միջոցով Հայաստանի
Սահմանամերձ Համայնքներու Պատանիները
Պիտի Մասնակցին Ճամբարներու
«ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը «Indiegogo» անունով արշաւի միջոցով ձեռնարկած է նոր դրամահաւաք-արշաւի, որուն նպատակն է մինչեւ մայիս 22 հաւաքել 50 հազար տոլար` Հայաստանի գիւղական եւ սահմանամերձ համայնքներու պատանիներուն օգնելու, որպէսզի անոնք կարենան մասնակցիլ այս տարուան «ԹՈՒՄՕ»-ի ամառնային ճամբարին: Կեդրոնի պաշտօնական tumo.org կայքին համաձայն, ամառային ճամբարը յագեցած ուսումնական ծրագիր է, որ կազմուած է դասընթացքներու խտացեալ տարբերակներէն, որոնք հասանելի են «ԹՈՒՄՕ»-ի սաներուն ամբողջ տարուան ընթացքին:
Այս տարի կեդրոնը «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին հետ կ՛ուզէ Հայաստանի տարբեր շրջաններու 100 երեխաներու կարելիութիւն տալ ձեռք բերելու գործնական գիտելիքներ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ եւ հանդիպելու Երեւանի իրենց հասակակիցներուն:
Միանալով «ԹՈՒՄՕ»-ի «Indiegogo» արշաւին` փափաքողը կրնայ օգնել հայ պատանիներուն` խթանելու իրենց երեւակայութիւնը եւ նորարարական գաղափարները:
«Երկրի Օր» Քարոզարշաւը Սկսաւ Ապրիլ 5-ին,
Երեւանի Կենդանաբանական Պարտէզին Մէջ
Վայրի բնութեան և մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը իր գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի հետ համատեղ մեկնարկեց 2014-ի «Երկրի oր» քարոզարշաւը` Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ կայացած ծառատնկումով, որուն աշխուժ կերպով մասնակցեցան նաեւ «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի աշխատակիցները, եւ Թռչուններու միջազգային օրուան նուիրուած մրցումով:
Ապրիլ 22-ին ողջ աշխարհը կը տօնէ Երկրի օրը: Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամն ու «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը եւս կը նշեն այս կարեւոր օրը Երեւանի եւ մարզերուն մէջ շարք մը բնապահպանական ձեռնարկներով:
Կենդանաբանական պարտէզն մէջ կայացած թռչնաբոյներու պատրաստութեան մրցումը, որ կը կրէր «Դիմաւորենք թռչունները» խորագիրը, մասնակիցներուն առիթ տուաւ աւելի զարգացնելու իրենց գիտելիքները` թռչնատեսակներու, անոնց կառուցուածքին, վարքագիծիի, կենսապայմաններուն, ինչպես նաեւ առանձնայատկութիւններուն մասին:
Մրցումին մասնակցելու համար անհրաժեշտ էր ունենալ համապատասխան նիւթեր եւ գործիքներ` տեղւոյն վրայ հետաքրքրական թռչնաբոյն պատրաստելու համար: Մրցումին արդիւնքները ճշդուեցան նոյն օրը, անկախ դատական կազմին կողմէ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի գլխաւորութեամբ: Ամէնէն աշխուժ եւ ստեղծագործ մասնակիցները ստացան մրցանակներ` Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի, ԼԵԿՕ-ի հայաստանեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ յատուկ մրցանակ` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի կողմէ:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի աջակցութեամբ ձեռնարկին օրը մինչեւ 16 տարեկան պատանիներուն Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի մուտքը անվճար էր:
7 Ապրիլ 2014-էն 7 Ապրիլ 2015`
Ընտանիքի Տարի
ՄԱԿ-ի որոշումով յայտարարուած Ընտանիքի տարուան նախաձեռնութիւններ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի մէջ, համաձայնութեան արժանացած է նաեւ կնոջ եւ տղամարդու իրաւահաւասարութեան հաստատման միտող ծրագիրը: Այս մասին յայտնած են կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
«Հիմք ընդունելով 2014 թուականը ընտանիքի տարի յայտարարելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան որոշումը` Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ Ընտանիքի տարի յայտարարեց 2014-ի ապրիլ 7-էն 2015-ի ապրիլի 7 ժամանակահատուածը: Գործադիրը նոյն որոշմամբ հաստատած է Ընտանիքի տարուան առիթով կայանալիք նախաձեռնութիւններու ցանկը, անոնց գործադրումը վերապահած է համապատասխան նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու, Հայաստանի մարզերու եւ Երեւան քաղաքի ղեկավարներուն: Երկու այլ որոշումներով կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է կնոջ եւ տղամարդու իրաւահաւասարութեան քաղաքականութեան, սեռի յատկանիշով բռնութեան կանխարգելման 2014 թ. միջոցառումների տարեկան ծրագիրներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Վիճակագրական պաշտօնական տուեալներով, Հայաստանի մէջ տակաւին կայ կիներու հանդէպ քողարկուած խտրականութիւնը: Կ’ակնկալուի, որ ընդունուած որոշումները նպաստեն կնոջ եւ տղամարդու հաւասարութեան գաղափարի ամրապնդման եւ սեռի յատկանիշով բնութագրուած բռնութեան կանխարգիլման:
Գործադիրը մտադիր է կատարել Գիւմրի քաղաքին մէջ կառուցուած 1756 բնակարանի եւ Շիրակի, Լոռիի եւ Արագածոտնի մարզերու բնակավայրերուն մէջ 2014-ին կառուցուելիք մօտ 1300 բնակարանի ձեռքբերման, նշուած 1300 բնակարանի, ինչպէս նաեւ 2010-2012 թուականներուն բաշխուած, սակայն տակաւին չսեփականացուած մօտ 2000 բնակարանի նուիրատուութիւն:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը
Նոր Մանկապարտէզ Արցախի Դրախտիկ Գիւղին Մէջ
Դրախտիկ գիւղը, որ կը գտնուի երբեմնի պատերազմական գօտիի ճակատէն միայն 15 քմ հեռու, իր անունով պիտի առաջարկէր երջանիկ անցեալ մը` ի տարբերութիւն ներկային, կամ գէթ յոյս` ապագայի նկատմամբ: Բայց հակառակ իր դիմագրաւած դժուար պարագաներուն, Արցախի Հադրութ շրջանի այս գիւղը սկսած է անգամ մը եւս արդարացնելու իր անունը:
Արդարացնել` թուային իմաստով գոնէ, որովհետեւ Դրախտիկի բնակչութիւնը կը բազմանայ:
Քաջալերուած իրենց համայնքի գիւղատնտեսական սարքաւորումներու կայանէն, որ մաս կը կազմէ այս շրջանին մէջ երկրագործական զարգացում յառաջացնել միտող աւելի լայն ծրագրի մը, Դրախտիկի բնակիչները այսօր իրենց ծննդավայրը կը մնան` փոխանակ աշխատանքի համար անկէ հեռանալու, այսպիսով օգնելով ոչ միայն տեղւոյն բնակչութեան, այլ նաեւ` տնտեսութեան աճին:
430 բնակիչներով այս գիւղի չափահասներուն մեծամասնութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ` լաւագոյնս օգտագործելով Արցախի հռչակաւոր արգաւանդ հողը, եւ հետեւաբար, սատարելով վերածնած երկրի տնտեսական զարգացման:
Դրախտիկ եւ այս սահմանամերձ կարեւոր շրջանի մնացեալ գիւղերը բուռն կռիւներ տեսան արցախեան ազատամարտի ընթացքին: 2006-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Դրախտիկի մէջ սկսաւ կառուցելու գիւղատնտեսական սարքաւորումներու կայան մը` տեղւոյն տնտեսութիւնը խթանելու նպատակով:
Ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Շնորհիւ ծրագրին եւ Դրախտիկի աշխատունակ բնակչութեան` համայնքը տնտեսական կայուն աճ ունեցաւ վերջին քանի մը տարիներուն: Այս բաղձալի յառաջդիմութեան հետ, սակայն, Դրախտիկի մէջ աւելի քան երբեք կարիքը կը զգացուէր լուծելու հին հարց մը` պատշաճ մանկապարտէզի մը կառուցումը:
Արդարեւ, 1988-էն ի վեր գիւղին մէջ կը պակսէր դպրոց մը, ուր համայնքի մատղաշ փոքրիկները կարենային յաճախել: Մեծապէս վնասուած` Արցախեան պատերազմին ընթացքին, հին մանկապարտէզը քանդուած էր զինադադարէն ետք եւ երբեք չէր վերանորոգուած:
Թէեւ կարգ մը փոքրիկներ դասարան կը յաճախէին նորակառոյց դպրոցի մը յաւելեալ սենեակներէն մէկուն մէջ, սակայն այդ սենեակը չէր կրնար գոհացնել արդիական մանկապարտէզի մը պահանջները:
Հոս է, որ «Հայաստան» հիմնադրամը անգամ մը եւս պիտի բերէ իր օժանդակութիւնը:
Իրօք, բացի գիւղատնտեսական սարքաւորումներու կայանի մը վայրը ըլլալէ, Դրախտիկը հիմնադրամին համար ծանօթ համայնք մըն է: Գիւղը կը գտնուի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիին կից: Մայրուղին, որուն կառուցումը կարելի դարձաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին շնորհիւ` ամբողջ աշխարհի հայութեան զօրավիգ կանգնելուն, կը նկատուի Արցախի ողնայարը` բազմաթիւ գիւղերու, աւաններու եւ քաղաքներու միջեւ կապ դիւրացնելու իր դերով, ինչպէս նաեւ` հանդիսանալով Արցախի առեւտրական գլխաւոր շնչերակը:
Ռազմավարական արժէք ներկայացնող Դրախտիկը նպաստառուն եղած է հիմնադրամին կողմէ իրականացուած շարք մը այլ շինարարական եւ ենթակառուցային ծրագիրներու, որոնք կ՛ընդգրկեն ըմպելի ջուրի մատակարարման ցանց մը, Մեծ Թաղլար-Ազոխ-Դրախտիկ ջրագիծը, եւ բազմահանգամանք համայնքային կեդրոն մը` գիւղապետարանով, բուժարանով, ծննդասենեակով, հանդիսութիւններու դահլիճով, համակարգչային սենեակով եւ գրադարանով:
Այս բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան օրինակով, հիմնադրամը ձեռնարկեց Դրախտիկի մէջ մանկապարտէզ մը կառուցելու ծրագիրին: Կառուցուեցաւ հոյակապ շէնք մը` արդիական դասարաններով, խաղասենեակներով եւ նուիրեալ անձնակազմին համար վարչական եւ ուսուցչական գրասենեակներով:
Նոր մանկապարտէզը օժտուած է մատղաշ փոքրիկներու համար կրթական բարձրորակ հաստատութենէ մը ակնկալուած բոլոր յարմարութիւններով,` ի հակադրութիւն նախկին դասասենեակին մէջ գործածուած կահոյքին:
Թէեւ մանկապարտէզը կրնայ 100 փոքրիկ ընդունիլ, սակայն տակաւին այդքան աշակերտ չկայ: Բայց Դրախտիկի ժողովրդագրական աճը եւ տնտեսական զարգացումը նկատի ունենալով է, որ հիմնադրամը կառուցեց մանկապարտէզը` փայլուն ապագայի մը հեռանկարով:
Իրօք, նկատի առած գիւղի վերելքը, մեծ հաւանականութեամբ մանկապարտէզի իւրաքանչիւր գրասեղանը իր աշակերտը պիտի ունենայ մօտիկ ապագային:
Նշենք, որ սփիւռքահայութեան նեցուկով Դրախտիկը ամէն կարելիութիւն ունի դարձեալ արժանաւորելու իր անունը` կտոր մը դրախտ ըլլալով հոն բնակող, աշխատող եւ հայրենիք կերտող հայութեան համար:
Միջազգային Գիտաժողովի Ծիրին Մէջ
Պիտի Քննարկուին
Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Նիւթեր
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրաւիրած է մասնակցելու «Առաջին Համաշխարհային պատերազմի կովկասեան ճակատը: Ցեղասպանութիւն, փախստականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին համաձայն, գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 21-22 ապրիլին:
Գիտաժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է «Պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն», «Ռուս զինուորականները` որպէս ցեղասպանութեան վկաներ», «Զինուորական լուսանկարիչները եւ «մոռացուած պատերազմ»-ի կովկասեան թատերաբեմի կինոժամանակագրութիւնը» նիւթերով: Պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստանի մէջ հնագիտական եւ ազգագրական հետազօտութիւններուն, մարդասիրական օգնութեան, գաղթականներու, ինչպէս նաեւ` կովկասեան ռազմաճակատին ընթացքին բարեսիրութեան վերաբերող թեմաներ:


