Փինկ Փոնկ. Լիուա Սայտա` Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Լիուա Սայտա հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան, աւարտականին իր կատարած մրցումին քիչ մը դժուարութեամբ 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ահլի Սայտայի:
Այսպիսով, Լիուա Սայտա 2015 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգի խումբերուն, մինչ Ահլի Սայտա փլէյ-օֆի մրցում ունի կատարելիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ դիրքը գրաւող խումբին հետ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի:
CATEGORIES Մարզական

