Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Բոլոր Ակումբները Հրաւիրեց Համագումարի Մը
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած եւ օրինական նկատուող բոլոր ակումբները չորեքշաբթի, 16 ապրիլին հրաւիրուած են համագումարի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Այս համագումարին, որ պիտի ըլլայ շատ կարեւոր, պիտի քննարկուին այն կէտերը, որոնք պահանջուած են ՖԻՊԱ-էն, Լիբանանի դէմ սահմանուած միջազգային կախակայումը բեկանելու համար:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բոլորը անխտիր պէտք է այս հարցին մօտենան մէկդի դնելով իրենց անձնական հաշիւները, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան պասքեթպոլը վերադարձնել միջազգային ասպարէզ:
CATEGORIES Մարզական

