Ճատրակ. Պէյրութի Միջազգային 7-րդ Մրցաշարքը` 6-14 Մայիսին
Նոթրը Տամ-Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեքի կազմակերպութեամբ 6-14 մայիս 2014-ին անոր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի ճատրակի միջազգային 7-րդ մրցաշարքը` հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին:
Մրցաշարքին տրամադրուած մրցանակային ընդհանուր գումարն է 7000 ամերիկեան տոլար: Առաջին հանդիսացողը եւ տիտղոսին տիրացողը պիտի ստանայ հազար ամերիկեան տոլար:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ 16 անդամէ, յայտնեց, որ մրցաշարքին աւարտին պիտի պարգեւատրուի Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ ըստ զուիցերիական ոճի, ընդամէնը` 9 հանգրուան, իւրաքանչիւր խաղացողի համար` 90 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնայ 30 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:
Այդ յանձնախումբին նախագահն է Անթուան Պու Շտիտ, Քարիմ Ռըզք փոխնախագահն է, մրցաշարքին հսկողն է Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Էլի Խէյրալլա, կազմակերպչական աշխատանքը վստահուած է Ժաք Պետրոսեանի, մինչ մնացեալ անդամները պիտի ստանձնեն տարբեր տեսակի պաշտօններ:
Իսկ իրաւարարներու յանձնախումբին նախագահը պիտի ըլլայ Ուզպեքիստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ, միջազգային իրաւարար Հասսան Թորտալիեւ:
Հաղորդագրութեան աւարտին նշուեցաւ, որ տեղացի թէ օտար մասնակցողներուն համար արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 1 մայիսը:

