Հաղորդագրութիւն. Հայկազեան Համալսարանի Մարզական Խումբերը Կը Մեկնին Երեւան
Հայկազեան համալսարանի մարզական խումբերը Երեւան կը մեկնին ուրբաթ, 18 ապրիլին:
Համալսարանի տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի, ֆութսալի եւ փինկ փոնկի խումբերու Երեւան կեցութեան եօթը օրերուն ընթացքին բարեկամական մրցումներ տեղի պիտի ունենան Երեւանի պետական համալսարանի, Սլաւոնական համալսարանի եւ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի համապատասխան խումբերուն դէմ:
Հայկազեան համալսարանի մարզական խումբերը համալսարանի մարզական կեանքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նման բարեկամական մրցումներու ծրագիրով կ՛այցելեն Մայր հայրենիք:
Հայկազեան համալսարանի մարզական այս պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 38 անդամներէ` 32 մարզիկ ուսանողներ, 4 մարզիչներ, պատասխանատու մը եւ պատուիրակութեան պետը: Խումբերը Լիբանան պիտի վերադառնան ուրբաթ, 25 ապրիլի գիշերը:
Հայկազեան համալսարանի մարզական խումբերը անցնող տարիներուն բարեկամական մրցումներով բազմիցս մեկնած են Սպանիա, Ֆրանսա, Եգիպտոս եւ Կիպրոս: Սակայն առաջին անգամ է, որ պատուիրակութիւնը այսքան մեծաթիւ կ՛ըլլայ:
Մրցումներու կողքին, Հայկազեան համալսարանի մարզիկները խմբովին պիտի մասնակցին դէպի Ծիծեռնակաբերդ երթին` Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով, յարգանքի տուրք մատուցելու հայութեան բիւրաւոր նահատակներու անմար յիշատակին: Ծրագրուած է, որ անոնք այցելեն հայրենիքի տարբեր տեսարժան վայրեր:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

