Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները կը սկսին այսօր` երեքշաբթի, 15 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, երբ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ Պիլիվըրզ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:

Նշենք, որ երթին Պիլիվըրզ 86-41 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ՀՄԸՄ Անթիլիասէն:

Երթի մրցումներուն նման, դարձին եւս տեղի պիտի ունենան եօթը հանգրուանի մրցումներ, թէեւ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը քաշուեցաւ ախոյեանութենէն:

Իւրաքանչիւր խումբ մէկ հանգրուան հանգիստ պիտի ընէ, մրցում չունի կատարելիք:

4-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները մրցում չունին կատարելիք:

Ստորեւ` ՀՄԸՄ Անթիլիասի կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը.

  • ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 15 ԱՊՐԻԼ    
ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 21:00 Պըրժ Այնթուրա
  • ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 22 ԱՊՐԻԼ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս 20:00 Աղբալեան
  • ՇԱԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ
Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 18:00 Տեմիրճեան
  • ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 12 ՄԱՅԻՍ
Պըրժ Այնթուրա – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 19:30 Պըրժ Այնթուրա
  • ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՄԱՅԻՍ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ 20:00 Աղբալեան
  • ՇԱԲԱԹ, 24 ՄԱՅԻՍ
Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 18:00 Մանարա
Share this Article
CATEGORIES