ՓԵԹՐԷՈՒՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»Ի ՂԵԿԱՎԱՐ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ հաստատած է «Սի. Այ. Էյ.»ի ղեկավար պաշտօնին վրայ զօր.Տէյվիտ Փեթրէուսի թեկնածութիւնը:
Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զօրքերու հրամանատար Փեթրէուսի թեկնածութիւնը առաջարկած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա: «Սի. Այ. Էյ.»ի նախկին ղեկավար Լէոն Փանեթա պիտի ղեկավարէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ Փեթրէուս իր նոր պաշտօնը վարելու սկսի սեպտեմբերէն սկսեալ:
CATEGORIES Միջազգային