ՆԱՐԵԿ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆ` ՉԱՅՔՈՎՍՔԻԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
Ռուս աշխարհահռչակ յօրինող Փիթըր Չայքովսքիի անուան միջազգային երաժշտական ականաւոր մրցանքի թաւջութակի դասակարգին մէջ յաղթանակ արձանագրած է Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարեկ Հախնազարեան:
Այդ դասակարգին մէջ աւարտական հանգրուան անցած էին հինգ երկիրներու` Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւած են համապատասխանաբար Ֆրանսայի եւ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչները: Հախնազարեան իբրեւ պարգեւ պիտի ստանայ քսան հազար եւրոյի գումար մը:
Դաշնակի դասակարգին առաջնութիւնը շահած, Ռուսիան ներկայացնող Տանիլ Թրիֆոնով Քլիվլենտի երաժշտական ակադեմիային մէջ դասաւանդող հայազգի Սերկէյ Պապայեանի աշակերտն է:
CATEGORIES Հայկական