Ջաւախքէն Արտակ Գաբրիէլեան Եւ «Վաչիան» Պարային Համոյթի Անդամները Այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարան
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք – Արցախ – Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբին նախաձեռնած ու կազմակերպած «Ջաւախեան շաբաթ»-ի նախաձեռնութիւններուն շարքին, ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան եւ Ջաւախքի Վաչիան գիւղի «Գոհանամք» եւ «Հայկ» խումբերը:
Այս առիթով, ջաւախահայ հիւրերը հանդիպում մը ունեցան նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն հետ, վարժարանի բակին մէջ: Հաւաքի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց ՋԱՀ-ի նախաձեռնութիւնն ու անոր նպատակները:
Ապա խօսք առաւ Արտակ Գաբրիէլեան, որ ներկայացուց Ջաւախքի իրավիճակը, դժուարութիւններն ու խնդիրները, ինչպէս նաեւ` հայաթափման ու ձուլման փորձերը: Գաբրիէլեան նշեց, որ ջաւախահայութիւնը համահայկական նեցուկին շնորհիւ` կրնայ վերականգնիլ եւ այս առնչութեամբ Ջաւախք-լիբանանահայութիւն գործակցութիւնը էական է:
Գաբրիէլեանի խօսքէն ետք ժողովրդական երգով մը ու երկու պարերով ելոյթ ունեցան Ջաւախքի Վաչիան գիւղի «Գոհանամք» եւ «Հայկ» խումբերը:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ հաստատեց, թէ Ջաւախքը ամբողջական Հայաստանի գլխաւոր օղակն է: Գալուստ յայտնեց, որ աշակերտները պէտք է մօտէն ծանօթանան Ջաւախքին եւ հայութեան վիճակին, որպէսզի յառաջիկային իրենց մասնակցութիւնը բերեն Ջաւախքի վերականգման ու հարցի ամբողջական լուծման ճիգերուն:
Հանդիսութենէն ետք հիւրերը այցելելով վարժարանին բաժանմունքները` մօտէն ծանօթացան վարժարանի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:

