Օրագիրի Մը Փոխարէն (Անթիլիասի Ուխտի Օրուան Առիթով)
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին ուխտի օրն է, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը:
Տարիներ առաջ, միշտ եղած եմ մէկը այն բազմահազարներէն, որոնք վանքի շրջափակին մէջ, աստիճաններուն վրայ տեղ գրաւած կամ միջանցքներուն մէջ կը սպասեն, որ ղօղանջող զանգերու ցնծութեան մէջ միաբանական թափօրը դուրս գայ եկեղեցիէն եւ հոգիները լեցնէ սրբազան Աջին օրհնութեամբն ու Լուսաւորիչին հաւատքով:
Ինչպէս այն ատեն գիտէի, հիմա ալ չեմ կասկածիր, թէ Անթիլիաս փութացողներուն քիչերը միայն եկեղեցասէր ուխտաւորներ են: Մեծամասնութիւնը հոն կու գայ` կրօնական ծէսով պարուրուած ազգային կարեւոր տօնի մը աւանդութիւնը պահելու եւ անոր հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ամրապնդելու համար: Ծիսական հանդիսաւորութեամբ եւ ամենայն պաշտօնականութեամբ ժողովրդային տօնախմբութիւն մը, որ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին հովանիին տակ եւ միաբաններու մասնակցութեամբ: Թափօրին շուքը եւ բազմահազար հայորդիներու երկիւղած լռութիւնը կը ներգործեն հոգիիդ եւ այդ պահուն կը զգաս ազգիդ ներկայութիւնը ու կը հպարտանաս, որ հայ ես:
Հետզհետէ գունատող մեր բարքերուն եւ մոռցուող աւանդութիւններուն կորուստը մտաբերելով` Անթիլիասի ուխտի այս օրը առաւել նշանակալի կը դառնայ եւ եզակի իր բնոյթով եզակի պատեհութիւնը կու տայ լիբանանահայութեան, որ մեծով պզտիկով համախմբուին, քով-քովի գան, թարմանան ազգով, եկեղեցիով եւ հայկականութեամբ: Պատեհութիւն, որմէ զրկուած են միւս գաղութները: Ես ինծի կ՛ըսեմ, որ այս տարի յատկապէս շատ աւելի բազմութիւն պիտի տեսնեմ` երկու պատճառով. նախ, որովհետեւ ի սփիւռս գործուղղուած հոգեւոր բոլոր գործիչները, բոլոր վարդապետներն ու եպիսկոպոսները մէկտեղուած են մայրավանք` Միաբանական ընդհանուր ժողովի, եւ անոնցմով կազմուելիք թափօրի պատկառելի տեսարանէն եւ առթելիք ոգեւորութենէն ոչ մէկ ազգային պիտի ուզէ ինքզինք զրկել: Երկրորդ, որ օրուան պատարագիչը Բերիոյ թեմի առաջնորդն է, որ իբրեւ քաջ հովիւ անապահովութեան մղձաւանջին մէջն իսկ մնաց իր պաշտօնին վրայ, չտատանեցաւ երբեք ահաւոր ռմբակոծումներուն կամ անհակակշիռ առեւանգումներուն թիրախ դառնալու վտանգին դիմաց:
Այս մտածումներով նստած եմ դէպի Անթիլիաս ինքնաշարժին մէջ: Ես զիս կը մեղադրեմ, որ ուշացած եմ: Բայց վանքի մուտքին, դարպասէն ներս առած առաջին քայլիս կարիքը կը զգամ մխիթարութեան եւ… բացատրութեան: Շրջափակին մէջ հինգ-վեց հարիւր թիւը չգերազանցող մարդոց ներկայութիւն մը: Նոյնքան ալ տաճարին մէջ, կ՛ենթադրեմ: Մեղմելու համար կրած հիասթափութիւնս բարեկամս զիս եւ… ինքզինք մխիթարելու համար կ՛ըսէ, թէ յաջորդ կիրակի` Ծաղկազարդին խռնուած բազմութիւն կը տեսնես… : Չուշանար ուրիշի մը դառնութեան խայթոցը` «բացակայ են նաեւ անոնք, որոնք իրենց զբաղեցուցած հանգամանքներու մէջ իբր թէ կոչուած են ազգային գիտակցութիւն ներշնչելու հայ զանգուածներու…» :
Ափսո՜ս:
Քարոզչական եւ փոխադրական միջոցներու ներկայ ժամանակի դիւրութիւններուն մէջ ի՞նչ արդարացում կարելի է գտնել այս բացակայութեան: Ո՞ւր են գողունի նայուածքներով գաղտնօրէն իրարու ժպիտ փոխանակող երիտասարդ-երիտասարդուհիները, պատանի տարիքի աշակերտ-աշակերտուհիները: Ինչո՞ւ չէ նախաձեռնուած զանոնք Անթիլիաս առաջնորդելու: Ո՞ւր են կրթական մշակներն ու ազգային թէ միութենական պաշտօնեաները: Պարզ հարցումը, որ կ՛ուղղուի շատ մը հասցէներու` ո՞վ առաջքը պիտի առնէ այս տեղատուութեան գաղութի մը մէջ, ուր նահանջը կասեցնելը անկարելի չէ, եւ որուն ազգային ջիղին վրայ սփիւռքի դրած գրաւը արդարացուած է միշտ…:
Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը կ՛աւետէ կազմութիւնը թափօրին: Վեհափառ հայրապետը, ետին` աւագ արքեպիսկոպոսներէն Եփրեմ սրբազան, Սուրբ Աջերը բարձրացուցած` օրհնութիւն բաշխելով դուրս կու գան տաճարէն: Անոնց կողքին` զոյգ շարքերով վեղարաւորներու եռանդուն փաղանգ մը, որուն ի տես հոգեկան թրթռացում մը կը պրկէ էութիւնս եւ զիս կը դնէ պահուան խորհուրդին մէջ: Դառն ու դառնացնող մտածումներս կը փոխակերպուին ապագայի հանդէպ գօտեպինդ հաւատքի: Ահաւասիկ. հակառակ զայն արմատախիլ ընելու ծանրագոյն հարուածին, երբեմն նաեւ ներքին ընդդիմութիւններու, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ամրօրէն կառչած է Լուսաւորչի արմատներուն եւ իր հովանին կը տարածէ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա ու Ամերիկաներ եւ Քանատա: Պատկառանք կ՛ազդէ թիւը միաբաններուն, որոնք իբրեւ Լուսաւորչի ջոկատ երաշխիք են Ս. Աթոռի անսասան պահպանման եւ հայ կեանքի հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան դաշտին մէջ կը մարտնչին իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խիզախ արշաւախումբը` գրաւականը դառնալով անոր առաքելութեան:
Հին յուշերու եւ նոր յուսախաբութիւններու պահեր ապրեցայ այսօր: Սակայն մայրավանքին մէջ, կազմուած թափօրին ներգործութեան տակ, ազգային իմաստով թարմացնող ներարկում եւ հոգեկան լիացում ունեցայ միաժամանակ: Բացակաները զրկուեցան այդ բաւարարութենէն:
Կիրակի, 6 ապրիլ 2014
Պէյրութէն Աթէնք օդանաւին մէջ

