Այքիտօ. Փոքրերու Յատուկ Բանակում` Պաշաալայի Մէջ
«Շիտիաք» Այքիտոյի ակադեմիան յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով կազմակերպեց փոքրերու յատուկ բանակում մը` Պաթրունի Պաշաալայի շրջանին մէջ, հսկողութեամբ մասթըր Ֆրանսուա Շիտիաքի, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Այքիտօ – Թաքիմոսօ մարտարուեստի խաղերուն հիմնադիրն է:
Շիտիաք յատուկ ցուցմունքներ տուաւ այդ փոքրերուն, ապա յաջորդեցին տարբեր տեսակի մարզումներ, իսկ այնուհետեւ տեղի ունեցան քննութիւններ:
Մասթըր Շիտիաք ակադեմիայի մէկ պատուիրակութեան հետ պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր Նիսի մէջ պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը:
Անոր զուգահեռ ան հոն Այքիտոյի միջազգային ֆետերասիոնին համագումարին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ:
CATEGORIES Մարզական

