Պայէրն Միւնիխի Յետսապահ Ռաֆինիա 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

rafinha-bayern-munichԳերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պայէրն Միւնիխի պրազիլցի յետսապահ Ռաֆինիա, որ նախորդ շաբաթավերջին Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին (30-րդ հանգրուան) կարմիր քարտ մը ստացած էր, 3 մրցումով կախակայուեցաւ:

Ախոյեանութեան ծիրին մէջ ան իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ 34-րդ եւ վերջին հանգրուանին, երբ անոր կազմը մրցի Շթութկարթի դէմ:

Նշենք, որ Ռաֆինիա Տորթմունտի դէմ մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ ճանկռտած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի դէմքը:

Share this Article
CATEGORIES