Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 16 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կը կատարէ իր վերջին մրցումը, երբ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետի` Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթական վերադառնալ հիւսիսային Լիբանանէն` կիրարկելով խմբային եւ ներդաշնակ խաղաոճ մը եւ ցուցադրելով բարձր մակարդակի պասքեթպոլի ներկայացում մը:
Ինչպէս բոլորը ծանօթ են, դարձի մրցումներուն ՀՄԸՄ ամբողջութեամբ շրջեց երթին իր արձանագրած արդիւնքները եւ արձանագրեց 7 յաղթանակ ու կրեց միայն մէկ պարտութիւն:
Երթին ՀՄԸՄ արձանագրեց 2 յաղթանակ միայն եւ կրեց 7 պարտութիւն:
Ասիկա նկատի առնելով` ՀՄԸՄ պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ արձանագրելու համար տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը:
Նշենք, որ երթին ՀՄԸՄ-ի դէմ Մութթահետի արձանագրած յաղթանակը (76-65) այժմ մոռցուած է, որովհետեւ ՀՄԸՄ ներկայիս ի վիճակի է այս անգամ ինք յաղթական դուրս գալու այս ճակատումէն:
Դարձի 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր միեւնոյն ժամուն Ամշիթ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պիպլոսը:

