Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 0-20

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այս հանգրուանին բացման մրցումը` Պիլիվըրզի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ:

Հիւր կազմը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, թէեւ ուղղուեցաւ Պըրժ Այնթուրայի դաշտը, սակայն նկատի ունենալով, որ մրցակից կազմը դաշտ չներկայացաւ, ՀՄԸՄ 20-0 արդիւնքով (ի բացակայութեան) յաղթական հռչակուեցաւ:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաջորդ մրցակիցն է Հուփս:

Share this Article
CATEGORIES