ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի, 5, չորեքշաբթի, 6 եւ հինգշաբթի, 7 յուլիսին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Սայիտ Միրզա նշած է, որ Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած բերման գիրերը գործադրութեան պիտի դրուին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներու վերագրուած կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները անճիշդ են: Ան աւելցուց, որ այդ մասին Հըզպալլայի կեցուածքը պիտի արտայայտէ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին` պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդգծեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին որոշումը քաղաքականացած է` աւելցնելով, որ այդ ատեանին աշխատանքը կասկածելի է:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ արհեստավարժ կերպով եւ խուսափելով այդ ատեանը քաղաքականացնելու փորձերէն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս բնական գտաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը նախնական ամբաստանութիւնը չգործադրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ ամբաստանեալները դատարան չյանձնելը սիւննի-շիի լարուածութիւնը պիտի հասցնէ իր գագաթնակէտին:
«ՊԻՆԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախնական ամբաստանութեան մասին իր կարծիքը պիտի յայտնէ, երբ ստանայ զայն:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ տեղեկատուական միջոցներուն համաձայն, նախնական ամբաստանութիւնը պիտի ըլլայ այն կայծը, որ պիտի բռնկեցնէ Լիբանանի հրդեհը:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ նախնական ամբաստանութեան մանրամասնութիւնները սպրդեցնելը չ՛օժանդակեր ճշմարտութիւնը բացայայտելու աշխատանքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուած նախնական ամբաստանութիւնը կարեւոր եւ դէպի արդարութիւն առաջնորդող քայլ մը նկատուեցաւ Ուաշինկթընի կողմէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը նախնական ամբաստանութեան վերաբերեալ իր պատասխանատուութիւնները պիտի ստանձնէ եւ պիտի որդեգրէ այնպիսի կեցուածքներ, որոնք կը պահպանեն երկրին ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, վարչապետ Միքաթի հաստատած է, որ ինք ամբողջական գործակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Միջազգային դատական ատեանին հետ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը վաղը` կիրակի օր «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ պիտի գումարեն ընդարձակ նիստ մը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ գետնի վրայ ապահովական կացութիւնը կայուն է եւ ոչ մէկ խախտում պիտի արձանագրուի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ալպեր Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական զարգացումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութիւնը վիժած ծնած է:

