ՈՒԱՀԱՊ ԿԸ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

Ուահապ` Լաթաքիոյ մէջ տուած դասախօսութեան պահուն

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ Լաթաքիոյ մէջ տրուած դասախօսութեան մը ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիա պիտի չբաժնուի եւ ոչ ալ պիտի դառնայ տկար պետութիւն մը:

Ուահապ հաստատեց, որ Սուրիա արմատական բարեկարգումի հիմնական որոշում տուած է` դէմ դնելու համար իր դէմ նիւթուող դաւադրութեան:

Ուահապ շեշտեց, որ ոչ ոք Սուլթան Ապտիւլ Համիտ է կամ Բարձր դուռը կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ վրայ բանեցուած բոլոր ճնշումները պիտի չէզոքանան:

Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ նոր Պենկազի մը կարելի չէ ստեղծել, իսկ նոր Պենկազիի մը ստեղծման պարագային անիկա ուժով պիտի ճնշուի` նոյնիսկ եթէ թուրքերը, ֆրանսացիները եւ ամերիկացիները նեղանան:

«Նոր Պենկազիի մը պարագային սուրիական բանակը անոր հետ պիտի վարուի իբրեւ յեղաշրջում եւ դաւադրութիւն, իսկ եթէ պետութիւն մը փորձէ պաշտպանել այդ քայլերը, ապա ուղղակի այդ պետութեան հետ պիտի ըլլայ հարցը», ըսաւ ան:

Ուահապ այցելեց նաեւ Քըրտահա, ուր  ծաղկեպսակ մը զետեղեց Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի շիրիմին:

Share this Article
CATEGORIES