50 Տարի Առաջ (17 Ապրիլ 1964)

Օգնութեան Խաչի Օրուան
Փառաշուք Տօնակատարութիւնը

Շաբաթ, 11 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ, փառաշուք հանդիսութեամբ, որուն անդրադարձած էինք մեր նախորդ թիւով, տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի օրուան տօնկատարութիւնը, կազմակերպուած` Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Տօնակատարութեան բարձր հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա., որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ այս հանդիսութեան: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, հայ կաթողիկէ եւ բողոքական համայնքներու եկեղեցական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` պետական նորընտիր երեսփոխաններ եւ թեկնածուներ:

Ծայրէ ծայր լեցուն սրահը ամբողջ երկու ժամ կապուած մնաց բեմին` հետեւելով յայտագրին:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լոլա Սասունի կարդաց տարեկան տեղեկագիրը, որմէ ի յայտ եկաւ, թէ անցնող տարեշրջանին օգնութեան խաչը իր բոլոր մասնաճիւղերով ունեցած է նիւթական եւ բարոյական բեղուն գործունէութիւն, իր առաջադրած նպաստները առաւելագոյն չափով իրագործելու համար: Կրթական, առողջապահական եւ խնամատարական բոլոր մարզերուն մէջ, կնոջական այս մեծ կազմակերպութիւնը, որ իր մէջ կը հաշուէ 3000 անդամուհիներ եւ 300 արծուիկներ, արձանագրած է զգալի վերելք մը: Գաղափար մը տալու համար իր նիւթական գործունէութեան մասին` պարզապէս յայտնենք, թէ մէկ տարուան մէջ ունեցած  112,000 լ. ոսկի մուտք եւ գրեթէ նոյնքան` ելք:

Գեղարուեստական ճոխ բաժինը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին` Օննիկ Սիւրմէլեանի նուագախումբը, Համազգայինի «Քնար» երգ ու պարի խումբը, Նելլի Մինասեան, Ս. Սողիկեան, Ս. Թիւթէլեան եւ Արա Կիրակոսեան (արտասանութիւններով եւ մեներգներով), բարձր վայելքի պահեր ապրեցուցին ներկաներուն, որոնք իրենց ծափահարութիւններով գնահատեցին արուեստագէտները:

Բոլորն ալ խոր գոհունակութեամբ հաստատեցին բծախնդիր պատրաստութիւնը յայտագրին, որ գործադրուեցաւ անթերի կերպով, եւ որ յատուկ է օգնութեան խաչին կազմակերպած բոլոր հանդէսներուն:

Օրուան առաջին բանախօսը` տոքթ. Բ. Փափազեան, իւրայատուկ պերճախօսութեամբ շեշտեց, թէ ինչպէս հայրենի լեռներու մէջ կազմուած է հայու ապառաժեայ նկարագիրը եւ շինելու, ծաղկեցնելու, ամայի անապատներն իսկ ծաղկաստանի վերածելու կամքը: Հայու նկարագրի այս գիծն է, որ չհասկցան իր թշնամիները եւ ուզեցին եաթաղանով ջնջել զայն, բայց չյաջողեցան: Ու ապրիլ 24-էն ետք, որ ծնունդ տուաւ սփիւռքին, հայ կինը եղաւ հայու նկարագրի պահպանման գլխաւոր ազդակը:

«Ըսուած է, որ, յայտարարեց յարգելի բանախօսը, ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան չափանիշը պէտք է փնտռել անոնց` կիներու հանդէպ ունեցած յարգանքին մէջ: Հայերը, հեթանոսական շրջանին, երբ տակաւին կուռքեր կը պաշտէին, իրենց երեք չաստուածներէն երկուքը կիներ էին` Անահիտ եւ Աստղիկ»:

Յարգելի բանախօսին խօսքերը յաճախ ընդմիջուեցան երկարատեւ ծափահարութիւններով:

Այնուհետեւ Սասունի բեմ հրաւիրեց օրուան հիւր բանախօսը` փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտին: Ըսաւ, որ օտար բազմաթիւ հայագէտներ գոյութիւն ունեցած են եւ ունին, սակայն դժուար է գտնել փրոֆեսէօրի նման հայագէտ մը, որ այնքան սիրէ եւ գնահատէ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը: Յայտնեց, թէ փրոֆեսէօրը առաջին անգամ հայերէնը լսած է իր երիտասարդ տարիքին, Ֆրանսայի մէջ, դրացի հայ գաղթականներէ: Սիրած եւ ուզած է սորվիլ մեր լեզուն:

Փրոֆեսէօր Ֆէյտի գոհունակութիւն յայտնեց նման հանդէսի մը ներկայ գտնուելուն համար եւ յիշեց, որ հայերը ոեւէ ազգէ աւելի պէտք ունեցած են իրերօգնութեան: Եւ այս իրերօգնութիւնն է, որ կանգուն պահած է հայ ժողովուրդը: Ապա ծանրացաւ հայու ստեղծագործ ոգիին վրայ եւ ըսաւ, որ եթէ օտարները լեզուի դժուարութեան պատճառով ծանօթ չեն անհրաժեշտ չափով հայ մշակոյթին, բայց ծանօթ են հայ ճարտարապետութեան:

Փրոֆեսէօրը կրկին անգամ գնահատութիւն յայտնելով` մաղթեց, որ հայ ժողովուրդը օգնութեան պէտք չունենայ:

Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքով: Վեհափառը, որ մօտէն ծանօթ է այս կազմակերպութեան գործունէութեան, մեծ գնահատանքով խօսեցաւ օգնութեան խաչին մասին եւ օրհնեց խաչուհիները` մաղթելով յարատեւ եռանդ եւ բարգաւաճում:

 

 

Share this Article
CATEGORIES