Ինպէ՞ս Հաւկիթ Ներկել Բնական Միջոցներով

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Զատկուան աւանդութիւնը կը պահանջէ, որ հաւկիթ նաշխենք, իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք, եթէ այս տարի բնական նիւթերով ներկենք զանոնք` ստանալու համար առողջապահական եւ անսովոր հաւկիթներ:

Նիւթեր Եւ Գոյներ

  • wpeoeuteint1Կապոյտ գոյն ստանալու համար օգտագործեցէք կարմիր կաղամբը:
  • Վարդագոյն ստանալու համար օգտագործեցէք ճակնդեղը:
  • Կանաչ գոյն ստանալու համար օգտագործեցէք թարմ շոմինը:
  • Սրճագոյն ստանալու համար օգտագործեցէք լուծուող սուրճը:
  • Նարնջագոյն ստանալու համար օգտագործեցէք կարմիր սոխի կեղեւը:
  • Դեղին գոյն ստանալու համար օգտագործեցէք սաֆրանը:

Ի՞Նչպէս Ներկել

Իւրաքանչիւր գոյնի համար նկատի ունենալ փոքր կաթսայ մը, որուն մէջ լեցնել 3/4 լիթր ջուր եւ եռացնել: Եռալէն ետք ձեր ընտրած նիւթէն (կաղամբ, ճակնդեղ, շոմին…) 2 գաւաթ լեցնել ջուրին մէջ եւ 30 վայրկեան եռացնել:

63605267Այս միջոցին հում հաւկիթները ճերմակ քացախի մէջ մխրճել:

Կաթսաներուն ջուրը սուզել եւ քացախէն հանուած հաւկիթները տեղաւորել կաթսաներուն մէջ եւ 10-12 վայրկեան եփել միջակ զօրութեամբ կրակի վրայ:

Զգուշութեամբ հանել նախշուած հաւկիթները եւ շարել ծծուն, թուղթի վրայ, որպէսզի ցամքին ու պաղին:

Հնարքներ

brioche_de_paques_italienneԵթէ ձեր ստացած գոյնը շատ բաց է, կրնաք հակիթները շատ աւելի երկար ժամանակ պահել ներկի ջուրին մէջ:

Նախշուած հաւկիթներուն փայլք տալու համար կրնաք զանոնք ձէթի մէջ թաթխուած բամպակով մը շփել:

Եթէ փափաքիք նախշուած հաւկիթներուն մարմարեայ տեսք տալ, նախքան հաւկիթները ներկին մէջ մխրճելը` ջուրին մէջ քանի մը դգալ բաւական իւղ աւելցուցէք:

Յաջողութիւ՛ն

 

Զատկուան Չէօրեկի
Տարբեր Ձեւաւորումներ

brioche-de-paques74335612

 

 

 

 

 

Զատկուան նախօրեակին բոլոր հայկական տուներէն ներս կը պատրաստուի աւանդական չէօրեկը. իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք, եթէ այս տարի անոնց տաք տարբեր ձեւեր եւ ուրախացնէք յատկապէս փոքրերը:

Ստորեւ տրուած 4 նկարները բաւարար են ներշնչելու ահա թէ ինչպէս կարելի է դիւրաւ չէօրեկի խմորով ձեւաւորել նապաստակներ եւ հաւկիթի ամաններ` օգտագործելով նաեւ գունաւոր մանր շաքարներ:

 

Զատկուան
Գեղեցիկ Հաւկիթներ

Բացի գունաւորելէ, կարելի է նաեւ գեղեցիկ նախշերով զարդարել Զատկուան հաւկիթները` օգտագործելով… մանր դդմաճներ, ընդեղէններ, գունաւոր դերձաններ, կանաչեղէններու տերեւներ եւ այլն…

Ահաւասիկ` խօսուն օրինակներ:

բ. Դարձեալ խէժով ծեփուած հաւկիթին վրայ փակցուած են սրճագոյն եւ նարնջագոյն ոսպ, ինչպէս նաեւ` շուշմայ եւ արեւածաղիկի կուտ:

բ. Դարձեալ խէժով ծեփուած հաւկիթին վրայ փակցուած են սրճագոյն եւ նարնջագոյն ոսպ, ինչպէս նաեւ` շուշմայ եւ արեւածաղիկի կուտ:

ա. Նկարին վրայ կը տեսնենք խէժով պատուած հաւկիթի մը վրայ փակցուած աստղաձեւ մանր դդմաճներ եւ նարնջագոյն ոսպ:

ա. Նկարին վրայ կը տեսնենք խէժով պատուած հաւկիթի մը վրայ փակցուած աստղաձեւ մանր դդմաճներ եւ նարնջագոյն ոսպ:

 

 

 

 

 

 

 

 

դ.Ասեղանագործի գունաւոր թելեր` մեծ համբերութեամբ փաթթուած նախապէս խէժով ծեփուած հաւկիթներու վրայ:

դ.Ասեղանագործի գունաւոր թելեր` մեծ համբերութեամբ փաթթուած նախապէս խէժով ծեփուած հաւկիթներու վրայ:

գ. Զանազան կանաչեղէններու տերեւներ պատկերող հաւկիթներ:

գ. Զանազան կանաչեղէններու տերեւներ պատկերող հաւկիթներ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Զատկուան Խոհանոց

1704zatik3Զատիկի սեղանին սովորաբար կը մատուցուի խաշած հաւկիթ, ձուկ, չամիչով, սալորով եւ ծիրանով փիլաւ, գաթայ, Զատիկի ձուածեղով փիլաւ, թանապուր եւ այլն…

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք չոր միրգերով Զատիկի փիլաւը:

Բաղադրութիւն

1,5 գաւաթ բրինձ
1 գաւաթ չամիչ
1 գաւաթ չոր սալոր եւ ծիրան
0,5 գաւաթ մանրուած նուշ կամ կաղին
Կէս լաւաշ հաց
70 կրամ կարագ

Պատրաստութիւն

IMG_9830Բրինձը խաշել:

Տապակին մէջ կարագը տաքցնել եւ աւելցնել չամիչը, չոր մրգեղէններն ու մանրուած նուշը: Կրակին վրայ ձգել, մինչեւ որ թեթեւակի կարմրին:

Կաթսային յատակը կարագով ծեփել եւ ծածկել լաւաշ հացի շերտերով:

Բրինձն ու կարագի մէջ եփած մրգեղէնները իրարու խառնել եւ լեցնել լաւաշին վրայ ու դգալի մը միջոցով ճնշել ու տափակցնել:

10 վայրկեան ետք փիլաւը շրջել բաց ամանի մը մէջ եւ հրամցնել:

Կարելի է փիլաւն ու մրգեղէնները առանց իրարու խառնելու  հրամցնել` լաւաշ հացը զանց ընելով:

 

Համօ Սահեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով

Փնտռում Ես Դու

Փնտռում ես դու ինչ-որ յանցանք,
Հեգնում ես ինձ ու չես ներում,
Բայց կայ ինչ-որ մի կարեկցանք
Քո հեգնական ժպիտներում:

Հեգնում ես ինձ ու նախատում,
Բորբոքում ես կռիւ ու վէճ,
Բայց կայ ինչ-որ մի քաղցրութիւն
Քո դառնագին խօսքերի մէջ:

Ա՜խ, յօնքերդ ես յաճախ կիտում,
Նայում ես ինձ այնպէս մռայլ,
Բայց կայ ինչ-որ քնքշութիւն
Քո անողոք դէմքի վրայ:

Յաճախ այնպէս խայթում ես դու,
Սրտիս այնպէս վիշտ ես բերում,
Բայց կայ ինչ-որ մտերմութիւն
Քո այդ օտար հայեացքներում:

Մերթ փարւում ես ինձ հովի պէս,
Մերթ հողմի պէս ինձ չարչարում,
Ա՜խ, երբ այդպէս շոյել գիտես,
Էլ ինչո՞ւ ես ցաւ պատճառում:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES