Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Յունահայոց Առաջնորդ Խորէն Եպս. Տողրամաճեան
Արժանացաւ Արքութեան Տիտղոսի
Յունաստանի Հայոց Ազգային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան 11 ապրիլ-ին արժանացած է արքութեան պատիւի եւ տիտղոսի` առ ի գնահատանք իր երկարամեայ անձնուէր ծառայութեան:
«Ազգային վարչութիւնը թարգմանը հանդիսանալով բովանդակ յունահայութեան եւ անոր ազգային ու միութենական կառոյցներուն` իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սոյն որոշումին համար: Նոյնպէս, իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ առաջնորդ սրբազան հօր` մաղթելով, որ ան հաւատքով ու նուիրումով շարունակէ իր ծառայութեան սրբազան առաքելութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Կիլիկեան դարաւոր ու պատմական Սուրբ Աթոռի առաւել եւս ծաղկման ու պայծառութեան համար»:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը
Ողջոյնի Խօսքով Հանդէս Եկաւ
Քաթերինիի Մէջ Պոնտոսցիներու Ձեռնարկին
Թեսաղոնիկէէն ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի քառանդամ պատուիրակութիւն մը Քաթերինի քաղաքը այցելեց 12 ապրիլի երեկոյեան` ներկայ գտնուելու համար Պոնտոսի յոյներու կողմէ կազմակերպուած քաղաքական ձեռնարկին, որ նուիրուած էր հելլէն խորհրդարանի կողմէ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման քսանամեակին:
Կարեւոր այս ձեռնարկի բանախօսներն էին Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարող Սայիթ Չեթինօղլու եւ փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որոնք յանդուգն ելոյթներով հանդէս եկան: Նախատեսուած էր նաեւ թուրք մտաւորական Ռակըպ Զարաքօղլուի ներկայութիւնը ձեռնարկին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քանի մը օր առաջ մասնակցած էր Քափիթոլ Հիլի մէջ Հայ դատի կազմակերպած ձեռնարկին, սակայն առողջական հարցի մը պատճառով կարելի չեղաւ ճամբորդել Յունաստան: Զարաքօղլու ուղերձ մը յղեց, որ կարդացուեցաւ ձեռնարկին ընթացքին: Ուղերձին մէջ լայն անդրադարձ կար Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նոր քուէարկուած բանաձեւին, որ կոչ կ՛ուղղէ ծերակոյտին` ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Հայ Դատի Յանձնախումբի Ողջոյնի Խօսքը
ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը քառանդամ պատուիրակութեամբ ներկայ գտնուեցաւ սոյն ձեռնարկին, բաղկացած` Պետրոս Հալաճեանէ, Տիգրան Պլեճեանէ, Խաչիկ Փափազեանէ եւ Վիգէն Տէրէեանէ: Պետրոս Հալաճեան ողջոյնի խօսք ուղղեց` մատնանշելով Թուրքիոյ շարունակուող հայաջինջ ու յարձակողական քաղաքականութիւնը, որուն վերջին դրսեւորումը յայտնի դարձաւ Սուրիոյ Քեսապի մէջ:
Թրքերէնով խօսք առնելով` Սայիթ Չեթինօղլու անդրադարձ կատարեց Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչի խօսքերուն` ինք եւս իր կարգին դատապարտելով Թուրքիոյ հալածանքները հայերուն եւ յոյներուն հանդէպ: Ան մանրամասն հետազօտական զեկոյց մը ներկայացուց, որով կը փաստէր, թէ հայերու եւ յոյներու դէմ հալածանքները նպատակ ունէին դրամատուներուն մէջ պահ դրուած անոնց հարստութիւններուն գրաւումը:
Չեթինօղլու խօսեցաւ նաեւ իր ընկերոջ` Սեւան Նշանեանի մասին, որ բանտարկուած կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ եւ խնդրեց յոյներու զօրակցական կեցուածքը անոր նկատմամբ:
Ապա խօսք առաւ փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ դրուատեց Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ ընդհանրապէս հայութեան տարած պահանջատիրական աշխատանքը, համազգային տարողութեամբ, յատկանշականօրէն ըսելով, թէ` «Հայ դատի պահանջատիրական պայքարն էր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղին բացաւ մեր առջեւ, Սթոքհոլմի որոշման մեծ յաղթանակին առաջնորդելով»: Ան քննադատեց յոյն պետութեան պահպանողական կեցուածքը, որ պարզ ոգեկոչումով մը կը բաւարարուի յիշել Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութեան թուականը, մինչ հայութեան համար ապրիլ 24-ը ազգային սուգի եւ պահանջատիրութեան վերանորոգուող ուխտի օր կը հանդիսանայ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Ընդառաջ` Գեղարուեստական Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին, 5 ապրիլին Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին վրայ «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Ալիս Յարութիւնեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ` անդրադարձաւ հայութեան հանդէպ գործուած մեծ ոճիրին, որ ներկայիս կը շարունակուի Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեամբ եւ մինչեւ այսօր ցեղապաշտական իր դրսեւորումները կ՛ունենայ, ինչպէս` Քեսապի մէջ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչ Սարօ Տեմիրճեան` ընկերակցութեամբ եռանդամ նուագախումբ Քոսթաս Անատիոթիսի` դաշնակ, Քոսթաս Նիքոլոփուլոսի` կիթառ, Ֆոթինի Նիքոլոփուլուի` ջելօ. մենապարեր` կատարողութեամբ Էտկար Էկեանի եւ Թագուհի Տումանեանի, ասմունք մեկնաբանութեամբ Էլենի Մայտոնիի եւ Մարիանա Գույումճեանի:
Եգիպտոս
Գրական Ցերեկոյթ Եւ Ցուցահանդէս
Մեծն Գահիրէի Գրադարանին Մէջ
«Յուսաբեր» մշակութային միութիւնը, գործակցութեամբ Զամալեքի Մեծն Գահիրէի գրադարանին, շաբաթ, 19 ապրիլ 2014-ի կէսօրին ժամը 12:00-ին, գրադարանին մէջ կազմակերպած է գրական ցերեկոյթ մը` «Հայաստան եւ հայերը եգիպտացի գրագէտներու եւ վիպագիրներու աչքերով» խորագիրով:
Ցերեկոյթի ընթացքին պիտի մեծարուին եգիպտացի գրագէտներ, որոնք իրենց գործերուն մէջ անդրադարձած են հայոց, ինչպէս` վիպասաններ Մոհամետ Կիպրիլ, Պահիկա Իսմայիլ, Ահմետ Համմամ եւ Ապտել Ազիզ էլ Սմահի:
Գրական ցերեկոյթի աւարտին ներկաները առիթ պիտի ունենան, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5, վայելելու բացառիկ ցուցահանդէսը մեծանուն հայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի գործերուն, որոնցմէ ոմանք առաջին անգամ պիտի ցուցադրին:
Վրաստան
Զօրակցութիւն Քեսապահայութեան
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիդիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` «Լաւագոյն համայնքային կառոյց» անուանակարգին մէջ կեդրոնը երկրորդ կարգի վկայականի արժանացնելուն ու դրամական մրցանակով պարգեւատրելուն գծով եւ յայտնեց, որ «Հայարտուն» կեդրոնի խորհուրդի եւ աշխատակազմի միահամուռ որոշումով կառոյցին տրամադրուած մրցանակը, որ կը կազմէ 300 հազար Հայաստանի դրամ, կը փոխանցուի Քեսապահայութեան օգնութեան խորհուրդին:
ՀՕՄ–ի Վարչութեան Կազմակերպութեամբ`
Սեմինարներ Երիտասարդ Մայրերու Համար
Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութիւնը կիներու միամսեակին առիթով կազմակերպեց սեմինարներ` երիտասարդ մայրերու համար: Առաջինը Ախալքալաքի Մ. Մաշտոցի անուան մանկապարտէզի երեխաներու մայրիկներուն յատուկ էր. ներկայ էին ութսունէ աւելի մայրեր: Բացման խօսքը արտասանեց ՎՀՕՄ-ի վարչութեան ատենապետ Կ. Թադեւոսեան, որ ներկաները շնորհաւորեց կիներու միամսեակին առիթով` անոնց մաղթելով առողջութիւն, երջանիկ ու անհոգ կեանք:
Ան կարեւոր նկատեց մօր անփոխարինելի դերը երեխաներու դաստիարակութեան իմաստով, ինչպէս նաեւ խրախուսեց բազմազաւակութիւնը: Թադեւոսեան դիտել տուաւ, որ երեխային մէջ մայրենի լեզուի նկատմամբ ուշադրութիւնը իւրաքանչիւր մօր սրբազան պարտականութիւնն է, մա՛յրն է, որ երեխայի առաջին բանաւոր խօսքի զարգացման պատասխանատուն է, մա՛յրն է, որ մայրենի լեզուով օրօրոցային կ՛երգէ, ընտանիքին մէջ մայրենին անաղարտ պահելը մօր պարտքն է:
Համառօտ կերպով ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը ներկայացնելէ ետք ան խօսեցաւ քեսապահայութեան դժուար կացութեան մասին, առաջարկեց անոնց օգնելու նպատակով միանալ ՀՕՄ-ի կազմակերպած օժանդակութեան ծրագիրին:
Խօսքը փոխանցուեցաւ Ասեա Փալանջեանին: Ան խօսեցաւ երիտասարդ կինը յուզող բազմաթիւ հիւանդութիւններու մասին, յղութեան առնչուած խնդիրներուն եւ հիւանդութիւններուն, անոնց կանխարգիլման մասին, արհեստական վիժումներու, չբերութեան պատճառներուն մասին: Ապա ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
Երիտասարդ հոգեբան Օֆելեա Եփրիկեան ներկայացուց երեխայ-մայր յարաբերութեան հոգեբանական կողմը: Հարց ու պատասխանի միջոցով քննարկուեցան երեխաներու տարբեր բնաւորութեան դրսեւորումներուն պատճառներն ու դաստիարակութեան ճիշդ տարբերակները:
Մանկապարտէզի վարիչ Մարգարիտան եւ ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄ-ի վարչութեան` Ջաւախքի մէջ նախընթաց չունեցող նման թեմայով սեմինարի կայացման համար, որովհետեւ ջաւախքցի երիտասարդ կնոջ համար անհրաժեշտ են արծարծուած հարցերուն շուրջ քննարկումները:
Մասնակիցները խոստացան անմասն չմնալ քեսապահայութեան օժանդակելու ՀՕՄ-ի նախաձեռնութենէն:
Միացեալ Նահանգներ
Համայնքային Հանդիպում Քեսապի
Իրադարձութիւններուն Առնչութեամբ
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինին կողմէ կազմակերպուած երկու զօրակցական համերգները նուիրուած էին ամբողջ սուրիահայութեան, իսկ 29 ապրիլին «Ալեքս» սրահին մէջ կայանալիք յաջորդ համերգը` «ՀայԷյտ 3»-ը, պիտի նուիրուի յատկապէս Քեսապը փրկելու եւ քեսապահայութեան նեցուկ կանգնելու ջանքերուն: Նշենք, որ 1 ապրիլին Ռեսիտայի «Քեսապ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային հանդիպում մը` Քեսապի վերջին իրադարձութեանց կապակցութեամբ, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցան Հայ դատի յանձնախումբի, Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինի, ՀՅԴ-ի եւ ՀԵԴ-ի ներկայացուցիչները: Լոս Անճելըսի Քեսապի Կրթասիրաց միութիւնը կոչ ըրաւ քեսապահայութեան օժանդակելու համար նուիրատուութիւններ կատարելու` Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինին, ՀՕՄ-ին կամ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով:
Լոս Անճելըսի Քեսապի Կրթասիրաց միութիւնը նաեւ կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ին, որ անմիջական քայլերու դիմէ զինադադար հաստատելու համար Քեսապի մէջ, միաժամանակ` երաշխաւորելու տեղահանուած քեսապցիներուն ապահովութիւնը ու անոնց վերադարձը:
Կրեկ Հոշարեանի «Արմինիըն Փափս»
Նուագախումբին Ելոյթը
Մարտ 9-ին, Լոս Անճելըսի «Քոլպըռն» երաժշտանոցի «Զիփըր» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Արմինիըն փափս» նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կրեկ Հոշարեանի:
Ձեռնարկը երկրորդն էր Կրեկի հօր` Էտուըրտ Հոշարեանի յիշատակը վառ պահելու համար հաստատուած կրթանպաստի հիմնադրամին ի նպաստ: Հիմնադրամին նպատակն է նեցուկ կանգնիլ երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտացող հայ համալսարանական ուսանողներու:
Ներկայացուեցան Արամ Խաչատրեանի եւ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի եւ Կրեկ Հոշարեանի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:
Նուագախումբին ընկերակցող գլխաւոր մենակատարներն էին` Թամ Ուու (փող) եւ Թալին Նալպանտեան (մեցցօ սոփրանօ), որ Էտուըրտ Հոշարեանի անուան հիմնադրամէն կրթանպաստ ստացած էր 2012-ին:
Չեխիա
Թատերական Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, աջակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, 7 ապրիլին Փրակայի ռուսական գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի սրահին մէջ եւ 8 ապրիլին Չեխիոյ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող «Տիսք» թատրոնին մէջ 2 ելոյթներով ներկայացուեցաւ Կարել Չափեքի «Մայրը» թատրերգութիւնը` ղեկավարութեամբ Լալա Մնացականեանի:
Նշենք, որ «Մայրը» գործը դարձաւ չեխ դասական ստեղծագործական գործունէութեան գագաթնակէտը: Անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ փետրուար 2012-ին, Հայաստանի մէջ: 2012-ին ան մասնակցեցաւ «Պելայա Վեժա» միջազգային թատերական փառատօնին եւ արժանացաւ «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին:

