Մոնրէալէն Լաւալ Երիտասարդական Քայլարշաւ
Քանատայի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու առաջին նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ «Քեպեքի հայ երիտասարդական միացեալ յանձնախումբ»-ին քայլարշաւը, որուն մասնակցեցան 200-է աւելի երիտասարդներ եւ ազգայիններ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերուն կողմէ:
Ապրիլ 12-ին քայլարշաւը սկիզբ առաւ Մոնրէալի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի տարածքէն եւ 3 ժամուան ճանապարհ կտրելով` հասաւ Լաւալ քաղաքի նորակառոյց Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան:
Յուշարձանին մօտ կայացած հսկումի արարողութեան ներկայ էին Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆրանսուա Փիլոն, Մոնրէալի քաղաքապետական խորհուրդի փոխ նախագահ Յարութ Շիթիլեան, Մոնրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արեֆ Սալեմ եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռայնալտ Ատամզ, որոնք դատապարտեցին թրքական պետութեան ուրացումի քաղաքականութիւնը:
Խօսք առին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի միացեալ մարմինի անդամ Շահէ Թանաշեան, վերապատուելի Մհեր Խաչիկեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամ Շահէ Բաբիսեան եւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի անդամ Նաթալի Սէթեան:

