Քեսապի Զօրակցութեան Թորոնթոյի Ժողովրդային Հաւաքին Գոյացաւ 25,000 Տոլար

hayr_meghrig_kessabՔեսապի հայութեան տեղահանութիւնը, դատապարտում Թուրքիոյ ծրագրած եւ հովանաւորած ծայրայեղական խմբակներու վայրագ եւ անակնկալ ներխուժումը հայաւան Քեսապին, դէպի Լաթաքիա քաղաք տարագրուած քեսապահայութեան համար մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպումը եւ բոլոր այս նիւթերը առանցքը կազմեցին կիրակի, 13 ապրիլին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահը հաւաքուած երկու հարիւր հայորդիներու մտասեւեռումներուն:

Հաւաքը կազմակերպած էր Թորոնթոյի հայ կրօնական յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները եւ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները համախմբող` Սուրիահայութեան օժանդակութեան Թորոնթոյի հանգանակիչ մարմինը:

Բացման խօսքով հաւաքը առաջնորդեց կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Կարօ Միսիրեան: Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Քանատայի համադրիչ մարմինի ատենապետ եւ հաւաքին գլխաւոր բանախօս Ժան Հալլաճեան ներկայացուց օրուան հրամայականը եւ շեշտեց սփիւռքահայութեան պարտաւորութիւններու մասին, Սուրիոյ եւ Քեսապի հայութեան ապրած ճակատագրական այս հանգրուանին:

Օրուան եզրափակիչ ոգեւորիչ պատգամը տուաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեանը:

Յայտագիրին մէջ նաեւ ընդգրկուած էր սրտի աղօթք` առ ի Բարձրեալն Աստուծոյ, յատկապէս գրուած Քեսապի համար, վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանի կողմէ:

Քեսապահայերու զգացումներու թարգմանը հանդիսացաւ թորոնթոբնակ քեսապահայ Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան Քեսապի բարբառով ոգեշունչ տողերով փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Քեսապի դէպքերու եւ քեսապահայերու ներկայ իրավիճակին մասին զեկուցեց Քեսապի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեան սքայփի միջոցով: Յայտագիրի ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցան վաւերագրական տեսերիզ եւ նկարներու սահիկներ:

Ձեռնարկի աւարտին հանգանակուեցաւ շուրջ 25,000 տոլար:

 

Share this Article
CATEGORIES