Ուրուկուէյահայ Երիտասարդներու Բողոքը Ի Նպաստ Քեսապի
Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ ի նպաստ Քեսապի համար բարձրացած բողոքի մեծ ալիքին եկան իրենց ներդրումը բերելու նաեւ Մոնթեվիտէոյի մէջ գործող կարգ մը կազմակերպութիւներու երիտասարդական միութիւնները, որոնք միասնաբար բողոքի ցոյց մը կատարեցին մայրաքաղաքի կեդրոնը` նպատակ ունենալով տեղացի ժողովուրդին իրազեկ պահել Քեսապի մէջ կատարուածին մասին:
«Փրկենք Քեսապը» պաստառներով, եռագոյն եւ Սուրիոյ դրօշներով, Քեսապի իրավիճակի մասին պատմող թերթիկներ բաժնելով եւ անցորդներուն բացատրութիւններ տալով, մեր տղաքն ու աղջիկները երկու ժամուան ընթացքին յաջողեցան ուշադրութիւն գրաւել` բանուկ երթեւեկութեան այդ կեդրոնի մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով:
CATEGORIES Գաղութէ Գաղութ

