ԱՐԻՏԻ – ՄՈՒՍԱՈՒԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեսփոխան Մուսաուի եւ նախարար Արիտի

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուր քաղաքին կարիքները:

Հանդիպումէն ետք Մուսաուի յայտնեց, որ ինք ամբողջական գործակցութիւն շօշափած է Արիտիի մօտ` Սուրի մէջ կատարուելիք բարգաւաճման աշխատանքներուն, յատկապէս շրջանին փողոցները կուպրապատելու շրջագիծին մէջ:

Այլ գետնի վրայ, Մուսաուի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` բարելաւելու լիբանանեան ծովուժին կարողութիւնները, որովհետեւ երբ Լիբանան իր ջուրերուն մէջ կազային հանքերու պեղումին սկսի, ապա կարիք պիտի ունենայ պաշտպանելու այդ հանքերը:

Մուսաուի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին բարելաւելու իր զէնքերը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ պէտք է օգտուիլ բարեկամ պետութեան մը փորձառութենէն: «Այս իմաստով ես նկատի ունիմ Իրանը, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է որեւէ մարզի մէջ լիբանանցիներուն օժանդակելու», ըսաւ ան:

Մուսաուի եզրափակեց ըսելով, որ Դիմադրութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի լիբանանեան բանակին` Լիբանանի դէմ կատարուելիք իսրայէլեան նոր ներխուժումի մը պարագային:

 

Share this Article
CATEGORIES