Քասփրչիք. «Սահմանագիծին Վրայ Իրավիճակը Լարուած Է»

Անճէյ Քասփրչիք

Անճէյ Քասփրչիք

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք կը յայտնէ, որ հայ-ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը լարուած է: Ան ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ այդ մասին կը վկայեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու եւ զինուորական կառոյցներու հաղորդագրութիւնները:

Ըստ անոր, այդ տեղեկութիւններուն մէջ կը հաղորդուի փոխադարձ հրացանաձգութեան բազմաթիւ դէպքերու եւ աւելի լուրջ խախտումներու մասին, որոնք կը յանգեցնեն կորուստներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այդ զոհերու ընտանիքներուն համար ողբերգութիւն է:

Անձնական ներկայացուցիչին խօսքով` համապատասխան կառոյցներու աջակցութեամբ հայ-ազրպէյճանական սահմանի եւ սահմանագիծի երկայնքով մշտադիտարկումներ կը կատարուին: Այդ մշտադիտարկումներուն մասին զեկուցումները կը ներկայացուին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին եւ Մինսքի խմբակին:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը երկրորդ մակարդակի չի մղուիր այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ», ըսած է Քասփրչիք` պատասխանելով այն հարցումին, թէ պէ՞տք է յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնել տագնապի լուծման Ուքրանիոյ իրադարձութիւններէն ետք:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հետեւողականօրէն կը փորձեն հակամարտող կողմերուն նոր գաղափարներ ներկայացնել` լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու համար: Անցեալ շաբաթ միջնորդները երկու հանդիպում ունեցան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, մէկ հանդիպում ալ նախագահներուն հետ` արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ», ըսած է Քասփրչիք:

Ըստ անոր, բոլոր ջանքերը ուղղուած են տագնապի լուծման ու լարուածութեան մեղմացման: Ան նշած է, որ համաձայն գործող նախագահի լիազօրութեան` ինք պարբերաբար կ՛այցելէ շրջան: «Ես եւ իմ խմբակս պարբերաբար կ՛այցելենք այն տարածքներ, որոնք տուժած են տագնապին ընթացքին` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նոր տեղեկութիւններ հաղորդելու նպատակով», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES