Էրտողան Եւ Չիչեք Հանդիպում Ունեցան Պայնըրի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Հետ

Cicek-Boyner«Մարմարա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք երեքշաբթի օր ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պայնըրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւն մը: Վերջիններս հանդիպում ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Էրտողան այլ հրատապ հարցերու կողքին անդրադարձած է Ծերակոյտին արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման ու փոխանցած ատոր վերաբերեալ Թուրքիոյ զգայնութիւնները` ընդգծելով, որ պէտք չէ արտօնուի, որ այդպիսի բանաձեւ մը խանգարէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:

Նշեալ նիւթը առաւել լայնօրէն արծարծուած է Չիչեքի կողմէ, որ հիւրերուն հետ ընթրիքի ընթացքին ըսած է. «Կը հաւատամ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ հասցէին կատարուած մեծագոյն զրպարտութիւնն է եւ ասիկա մեծ բեռ կը դնէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր ունեցած կապերուն վրայ»: Չիչեք կրկնած է Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը. «Ես ալ կը հաւատամ, որ խորհրդարանները պէտք է կառուցեն այսօրն ու վաղն, այլ ո՛չ թէ վճիռներ արձակեն անցեալի մասին: Եթէ անցեալի մասին վճիռներ արձակելու սկսինք, այն ատեն խաղաղութիւնն ու կապերը վտանգի կ՛ենթարկուին»:

Ան դիտել տուած է, որ Ծերակոյտի յանձնախումբին որոշումը զուգադիպած է այնպիսի շրջանի մը, երբ բազմաթիւ փորձութիւններ կան մերձակայ երկիրներուն մէջ: «Ամէն անգամ, որ ապրիլ ամիսը կու գայ, այսպիսի մթնոլորտ մը կը ստեղծուի: Հայկական պնդումներու եւ ցեղասպանութեան բանաձեւերու խորհրդարաններու կողմէ որդեգրումը եւ այս մարզին մէջ անոնց բաւական ճամբայ կտրած ըլլալը լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ», ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը:

Ան կրկնած է, որ այս խնդիրները պէտք է ձգենք պատմաբաններուն, որպէսզի պատմաբանը ինչ որ գիտէ ըսէ. Թուրքիա անոնց հրաւէր ուղղած է արդէն:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Պայնըր իր պատասխան ուղերձին մէջ վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ բացառիկ կարեւորութիւն կու տան Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները առողջ պահելու խնդիրին: «Մի՛ մտահոգուիք, մենք պատմութիւն գրելու պարտականութիւն պիտի չստանձնենք, սակայն պայման է, որ մեր երեսփոխանները աւելի յաճախակի հանդիպումներ ունենան իրարու հետ», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES