Ոչ Իշխանական Խմբակցութիւնները Կառավարութեան Ձեւաւորման Հարցով Հանդէս Պիտի Գան Միացեալ Յայտարարութեամբ

Արմէն Ռուստամեան
Երէկ ՀՅԴ խմբակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական խմբակցութիւններու հերթական հանդիպումը, ուր քննարկուած են քառեակի հետագայ գործողութիւնները:
Քննարկման մասնակցեցան ՀՅԴ-էն` Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Արծուիկ Մինասեան, Հայ ազգային քոնկրեսէն` Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն` Վարդան Օսկանեան, Նայիրա Զոհրապեան եւ Ստեփան Մարգարեան, Ժառանգութենէն` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան լրագրողներուն նախապէս յայտնած էր, որ պիտի քննարկուի կուտակային կենսաթոշակային օրէնքի հարցով Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ գումարելու հարցը:
Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտարարեց, որ քառեակը կը գործէ` ի հեճուկս հակառակ կանխատեսումներու:
Ան նաեւ նշեց, որ հանդիպման ժամանակ որոշուած է 28 ապրիլին սկսող եռօրեային արտակարգ կարգով ներկայացնել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին մասին օրէնքի փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծ, որպէսզի Սահմանադրական դատարանի վճիռէն ետք ստեղծուած անորոշութեան վերջ դրուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Դաշնակցութիւնը մաս պիտի կազմէ՞ իշխանական դաշինքին, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է, որ վերջնական որոշումը պիտի տայ Դաշնակցութեան Գերագոյն ժողովը` 18 ապրիլին: Բայց, միաժամանակ, ինք արդէն կրնայ ըսել, թէ հակառակ որ իրենք նախապէս յայտարարած էին, որ համաձայնական կառավարութեան մաս կը կազմեն այն պարագային, եթէ իշխանութիւնները ընդունին իրենց ներկայացուցած 7 կէտերը, սակայն անոնց էական մասը, ըստ էութեան, կա՛մ չէ ընդունուած, կա՛մ մասամբ ընդունուած է:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ 28 ապրիլին հանրահաւաքներ նախատեսուած չեն:
Հարցումին, թէ արդեօ՞ք քառեակը արդէն միասնական դիրքորոշում ունի Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութեան ծրագիրին մասին, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է, որ այս հանդիպման ժամանակ իրենք քննարկած են նաեւ միասնական դիրքորոշման հարցը, եւ յոյս ունի, որ մինչեւ կառավարութեան ծրագիրի ներկայացումը` միասնական տեսակէտը ձեւաւորուած կ՛ըլլայ:
Քառեակի յաջորդ միացեալ նիստը տեղի պիտի ունենայ միւս շաբաթ. «Մենք կը գործադրենք բոլոր ջանքերը, որպէսզի խորհրդարանական չորս խմբակցութիւնները կատարեն միացեալ յայտարարութիւն` նոր կառավարութեան ձեւաւորման վերաբերեալ: Ներկայիս, անշուշտ, խմբակցութիւններէն ամէն մէկը իր դիրքորոշումը ունի այդ հարցին վերաբերեալ, սակայն մենք համաձայնութեան պիտի հասնինք եւ պիտի կատարենք միացեալ յայտարարութիւն», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

