Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութիւն մը կազմակերպեցէք` նախքան ուշանալը ձեր որոշումին: Լաւ աշխատանք տարէք բարեկամներու հետ համաձայնելու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ժամանակն է տալու լաւ որոշում մը` ձեր ապագային համար: Հաւատացէք ձեր անձին, եղէք ինքնավստահ, որպէսզի յաջողիք: Օրը բարի է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իւրաքանչիւր անձի նկարագիրը լաւ սերտեցէք, որպէսզի ըստ այնմ ձեր գործը շարունակէք գործակցելու հետ: Բան մը, որ կարեւոր է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ լաւ գաղափարներ ունիք, բայց ներկայիս զանոնք մէկ կողմ դրէք, որպէսզի օրուան հարցերով զբաղիք: Օրը օրին կատարեցէք գործերը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր կատարած մարմնամարզէն պիտի օգտուիք: Շարունակեցէք, որպէսզի օգուտը ըլլայ մնայուն: Քալեցէք եւ ճիշդ ժամերուն քնացէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ականջ մի՛ տաք ամէն ըսուած խօսքի, կամ լաւ մտիկ ըրէք եւ ապա որոշեցէք, որ ո՞րն է ճիշդը, ո՞րն է կարելին: Խոհեմութիւն ունեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աշխատանքային դասաւորումը ձեզ հեռու կը պահէ հեւքոտ տրամադրութիւններէ: Օրուան ընթացքին լաւ ուսումնասիրեցէք, կը յաջողիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ամսաթոշակը պիտի աւելնայ, բայց նոյն ատեն պիտի աւելնայ նաեւ ձեր պատասխանատուութիւնը: Երկու պարագային ալ մնացէք ուշադիր:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լաւ որոշումներ պիտի տաք այսօր` առանց դուք ձեզ յոգնեցնելու երկար մտածումներով: Վճռական ըլլալը յաջողութիւն կը նշանակէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ վախնաք արգելքներէ, պիտի կարենաք բոլորն ալ յաղթահարել եւ շրջանցել: Մնացէք իմաստուն եւ համբերատար նոյն ատեն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ճակատին կնճիռները կը խորանան,ձեր մազերը սպիտակին կու տան, բայց ձեր բարեկամները նոյն սիրով պիտի մնան ձեզի հետ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ունիք նպատակ մը, զոր կրնաք յաջողցնել, եթէ մնաք ձեր ինքնութեան եւ կարողութեան հաւատարիմ: Մի՛ վհատիք, գործնական եղէք:

Share this Article
CATEGORIES